Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

69 Երեսփոխանի Կողմէ Իր Անուանումը Ստանալով Հասսան Տիապ Լիբանանի Վարչապետ Նշանակուեցաւ

Լիբանանի նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հասսան Տիապը երկրի վարչապետ նշանակելու մասին յայտարարեց:

Տիապի անունը տուին 69 երեսփոխաններ, մինչ 43 երեսփոխաններ մնացին ձեռնպահ, իսկ 14 երեսփոխաններ տուին Նաուաֆ Սալամի անունը։ Այսպիսով Հասսան Տիապ դարձաւ Լիբանանի վարչապետ եւ նշանակումէն անմիջապէս ետք բարձրացաւ Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան  նախագահ զօր. Միշէլ Աունին հետ։

Յիշեցնենք, որ այս զարգացումը կատարուեցաւ երբ Սաատ Հարիրի վերջնականապէս հրաժարեցաւ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու իր բոլոր յանձնառութիւններէն։ Ինչ կը վերաբերի Հասան Տիապին, նշենք, որ ան ստանձնած է Կրթութեան Նախարարի պաշտօնը (2011) եւ ջերմ կապեր ունի նախագահ Աունի ու անոր դաշնակից քաղաքական կողմերուն հետ։

Տիապի վարչապետ նշականակումէն ետք ցուցարարներ փակեցին Պէյրութի փողոցները:  Ցուցարարներ հաւաքուեցան են Ռինկ-ի կամուրջին, ինչպէս նաեւ նորանշանակ վարչապետի «Աիշա պաքքար» թաղամասին մէջ գտնուող բնակարանին մօտ։ Ցուցարարները բողոքեցին այս նշանակումին դէմ եւ հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն իրենց բողոքի շարժումները: Բողոքի ցոյցեր ճամբայ ելան նաեւ Թրիփոլիի մէջ: Մինչեւ ուշ գիշեր Պէյրութի զանազան շրջաններու մէջ ճամբաներ փակուեցան այրող անիւներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին