Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Թեմիս Կիսասարկաւագները

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, ընդունեց թեմի տասնհինգ կիսասարկաւագները, որոնք 25 դեկտեմբերին սարկաւագ պիտի ձեռնադրուին։

Թեմի Միջ-դպրաց դասի յանձնախումբի հոգեւոր խորհրդատու արժ. Տ. Ղեւոնդ քհն. Լոշխաճեան կիսասարկաւագները ներկայացուց սրբազան հօր։

Նարեկ արքեպիսկոպոս գնահատեց կիսասարկաւագներու երկար տարիներու ծառայութիւնը թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ եւ ընդգծեց, թէ երբ եկեղեցին ընծայեալներ ձեռնադրելով նոր պաշտօններ կը շնորհէ անոնց` զանոնք յարաճուն նուիրումի կը հրաւիրէ։

Սրբազան հայրը օրհնեց կիսասարկաւագները եւ աղօթեց, որ Ս. Հոգիին շնորհներով զարդարուած` անոնք շարունակեն ծառայել Աստուծոյ եւ սուրբ եկեղեցւոյ։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին