Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Լիբանանի Ընկերային Տագնապը… Կլոր Սեղան «Զարթօնք»ի Յարկին Տակ

Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ

Գ. Հանդիպում

«Զարթօնք»ի կազմակերպած պարբերական հանդիպումներու երրորդը` այս անգամ,  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊԸ

Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան Դերը եւ Գործունէութիւնը խորագրով   տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, Ա. յարկ:

Բացման խօսքով, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծեց, որ սոյն հանդիպումը Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներու շարքին երրորդն է, աւելցնելով, որ այս հանդիպումները պիտի շարունակուին իւրաքանչիւր Հինգշաբթի քով քովի բերելով միեւնոյն մտահոգութիւնները եւ հարցադրումները ունեցող մարդիկ: Յակոբեան շեշտեց, որ շաբթական դրութեամբ կազմակերպուող  այս հանդիպումները կը նպատակադրեն Լիբանանի ներկայ կացութեամբ եւ լիբանանահայութեամբ  մտահոգ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ազգային մեր մտահոգութիւններն ու յոյզերը ապրող ազգայիններով կլոր սեղան մը յառաջացնել, ուր միտքեր փոխանակուին, կարծիքներ լուսաբանուին եւ կարելի համապատկեր մը գոյացուի՝ նուազեցնելու համար բոլորիս խարխափումներն ու անորոշութիւնները:

Ապա խօսք առաւ Տիկ. Ալինա Տագէսեանը, որ օրուայ նիւթին նուիրուած հակիրճ նախաբանէ մը ետք ներկայացուց օրուայ հիւրը՝ Լիբանանի Ընկերային ՀարցերուՏոքթ. Ռիշար Գույումճեան:

Իր հանդարտաբարոյ եւ հետաքրքիր ոճով Տոքթ. Գույումճեան Պալեան նախ անդրադարձաւ իր նախարարութեան ներքին կառոյցին մասին ապա ներկայացուց անոր աշխատանքային դաշտը, դժուարութիւններն ու այն քաղաքական դռուարութիւնները, որոնց դէմ հանդիման կու գայ նախարարութեան զարգացման գործընթացին մէջ: Լիբանանեան պետական համակարգի թղթաբանութիւնը լուրջ գործոն նկատեց նախարարութեան համակարգին հեզասահ ընթացքը խաբանող:

Պրն. Նախարարը յայտնեց, որ հակառակ իր ծանքերուն կարելի եղած չէ նախարարութեան պիւտճէն բարձրացնել ինչ, որ անբաւարար է Լիբանանի ընկերային ահագին խնդիրները լուծելու համար:

 Հետաքրքրական եւ բաւական լուսաբանող զեկոյց մըն էր Պրն. նախարարին զեկոյցը:

Զեկոյցէն ետք Տիկ. Տագէսեան առիթը տուաւ ներկաներուն իրենց հարցերը տալու օրուայ հիւրին, որ մեծ համբերութեամբ եւ ազնուութեամբ բոլորին գոհացուց:

Շուրջ 90 վայրկեան տեւած այս հանդիպումէն ներկաները մեկնեցան, բաւական լուսաբանուած ոլորտի մը մասին, որ շատերուն այնքան ալ ծանօթ չէր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին