Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

34 Տարուան Պատմութիւն Ունեցող «Պուրճ Համուտի Սպանդ»ի Երեք Հեղինակներէն Երկուքը Ձերբակալուած Են

34 Տարիներ առաջ Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ տեղի ունեցած սպանդի երեք հեղինակներէն երկուքը ձերբակալուած են։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը, որ իր տեղեկութիւնը քաղած  է «Ալ Արապիա» կայքէն, որ իր կարգին յղում կատարած է սպանական «Իլ մունտո» կայքին։ Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ոճիրի հեղինակ համարուող Նահապետեան եղբայրները երկար ժամանակէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էին Աւստրիոյ մէջ եւ կը համարուէին յարգուած քաղաքացիներ։ Անոնք կարողացած են այդ երկրին մէջ կայք հաստատել ոճիրէն անմիջապէս ետք ձերբակալուելէ եւ ապա Ռումիյէի բանտ տարուելէ ու հոնկէ ալ խոյս տալէ ետք։

Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ ամէնամեծ թալանի հեղինակները կարողացած են Աւստրիա ապրիլ շնորհիւ ինքնութեան փաստաթուղթերու կեղծման։

Լուրը ներկայացնող աղբիւրը որ չի յայտներ ձերբակալուած երկու եղբայրներուն Ռաֆֆի Եւ Փանոս Նահապետեաններու գտնուած վայրը, կը նշէ նաեւ, որ սպանդի գլխաւոր հեղինակ համարուող Հրաչ Նահապետեանի հասցէն կը շարունակէ մնալ անյայտ։

Նշենք, որ 1985 թուականի մարտ 28-ին տեղի ունեցած սպանդին զոհ գացած էին հինգ անձեր, որոնց գլխաւորն էր լիբանանահայ յայտնի ոսկերիչ եւ գործարար Հրանդ Քիւրքճեան (այդ օրերուն 60 տարեկան), որ նաեւ , լիբանանեան ոսկերչական շրջանակներուն մէջ ծանօթ էր «Լուլու Հրանդ» անունով։ Դէպքին ընթացքին զոհուած էին Հրանդ Քիւրքճեանի չորս պաշտօնեաները՝ Հանի Զամմարը (28 տարեկան), Մարիա Հաննա Մըխայէլը (32 տարեկան), Խաթուն Թէքէեանը (27 տարեկան) եւ Աւետիս Պօյաճեանը (60 տարեկան):

Լուսանկարը՝ «Ալ Արապիյա»էն։
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին