Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը եւ Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Արժ. Տ. Սարգիս աւ. քհն. Սարգիսեանն ու Քաղաքական ժողովի ատենապետ տիար Րաֆֆի Սիսլեանը, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գործադիր տնօրէն տիար Հայկակ Արշամեանը, որուն կ՛ընկերանային «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմնի ատենապետ պրն. Սարգիս Արմէնեան եւ փոխ-ատենապետ պրն. Գրիգոր Թէրզեան, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան տիար Վահագն Աթաբէկեանի։
Տիար Հայկակ Արշամեան Երեւանէն Պէյրութ ժամանած էր առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանահայ վարժարաններուն տրամադրած հարիւր հազար ամերիկեան տոլարը եւ Արցախի պետութեան նուիրած յիսուն հազար ամերիկեան տոլարը։
Նարեկ արքեպիսկոպոս շնորհակալական խօսքերով ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը եւ ըսաւ.- «Այս հանգրուանին, երբ Լիբանանի ընկերա-տնտեսական տագնապին պատճառաւ լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական ծանր պայմաններ, Ձեր զօրակցութիւնը կ՛երաշխաւորէ հայ դպրոցին հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման նուիրական առաքելութեան անընդմէջ շարունակականութիւնը։ Ձեր մեզի փոխանցած հարիւր յիսուն հազար ամերիկեան տոլարը Ազգային առաջնորդարանս պիտի բաժնէ լիբանանահայ 18 վարժարաններուն` 5020 աշակերտի կրթաթոշակէն ի դէմս իւրաքանչիւր աշակերտի ըստ կարիքի զեղչելու համապատասխան գումար մը։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին այս զօրակցութիւնը կը նկատենք շօշափելի արտայայտութիւն Հայաստան-Սփիւռք միասնականութեան եւ գործակցութեան, որուն համար կը յայտնենք մեր հայորդիներուն երախտագիտութիւնը»։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ