Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Օր 56. Ցուցարարներ Լիբանանի Մէջ Ֆրանսական Դեսպանատան Դիմաց

Հարիւրաւոր ցուցարարներ երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսական դեսպանատան դիմաց ցոյց մը կազմակերպեցին զայն զուգադիպեցնելով Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի համար տեղի ունեցող համագումարի պահուն, որուն նպատակն էր միջազգային օգնութիւն ձեռք բերել Լիբանանի համար:

Ցուցարարները իրենց խօսքը համագումարի մասնակիցներուն ուղղելով կոչ ուղղեցին, որ ներկայ իշխանութեան օրով ոչ մէկ օգնութիւն չտրուի այլ անոր տրուիլը կապուի նոր եւ փտածութենէն կառավարութեան մը կազմութեան հետ:

Աւելի կանուխ Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ շարունակուեցան բողոքի ալիքները, որոնք նաեւ ճամբաներ փակեցին, որպէս բողոք նախորդ օր տեղի ունեցած բախումներուն  լիբանանեան բանակի միաւորներուն եւ ցուցարարներուն միջեւ Թրիփոլիի Ալ Մինա շրջանին մէջ:

Պետական հաստատութիւններու առջեւ եւս շարունակուեցան բողոքի շարժումները:

Զահլէ եւ Հալպա անմասն չմնացին ցոյցերէ: Ուշ երեկոյեան խռովարարներ պէյրութի Նահատակաց Հրապարակին վրայ յեղափոխականներու պատկանող վրան մը այրեցին:

Բողոքարարներ պաշարեցին Դատախազ Ղատա Աունի բնակարանը պահանջելով ըստ իրենց կամայական ձերբակալումներու դադրեցումը:

Կէս գիշերին իրավիճակը շատ սրուեցաւ Ռինկի կամուրջին վրայ ցուցարարներու եւ բանակային ուժերու միջեւ, որոնք կը փորձէին ճամբան բաց պահել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին