Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Ռաուտայի Ս․ Ներսէս Շնորհալի Մատուռ Տ․ Սեւակ Քհնյ․ Վասիլեան Ստացաւ Գնահատանքի «Օրհնութեան Գիր»

Նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, կիրակի 8 դեկտեմբեր 2019-ին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռին մէջ Արժ. Տ․ Սեւակ աւ. քհն. Վասիլեան մատուցեց իր հովուական վերջին ս. պատարագը։ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, սոյն մատրան հովիւ Սեւակ ա. քհն. Վասիլեան հանգստեան կոչուեցաւ։

Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան վեր առաւ քահանայ հօր արժանիքները, եւ գնահատեց անոր երկարամեայ ծառայական առաքելութիւնը։ Այնուհետեւ փոխանցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ քահանայ հօր շնորհուած «Օրհնութեան գիր»-ը, առ ի գնահատանք անոր անձնուէր ծառայութեան։

Իր քարոզին մէջ Սեւակ աւ. քհն. Վասիլեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր, Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռի Թաղական խորհուրդին ու բոլոր միաւորներուն, որոնք միշտ իր կողքին եղած են եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալու թեմին։

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն հոգիներուն համար։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին