spot_img

Պատիւ Արժանաւորին. Արաբերէն Լեզուի Տիրապետման Մրցանակ

Ուրախութեամբ իմացանք, թէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձ. Վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտ Հրակ Տէրտէրեան Ա. դիրք գրաւած է Կոկիկեան Հիմնարկի կազմակերպած Ալ-Պայան տարեկան միջ-դպրոցական շարադրական մրցանքին:

Նշենք, որ սոյն մրցոյթը տեղի ունեցաւ 8րդ յաջորդական տարին ըլլալով եւ որուն մասնակցեցան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններէն 11րդ դասարաններու ներկայացուցիչներ:

Մրցոյթի նպատակն է Հայ աշակերտի մօտ զարգացնել արաբերէն լեզուի տիրապետելու կարեւորութիւնը:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Ժտէյտիի քաղաքապետարանի սրահին մէջ, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան նաեւ իւրաքանչիւր լիբանանահայ վարժարանէ երկրորդական բաժանմունքի դասարաններու 2018-2019 տարեշրջանների արաբերէն լեզուի մէջ բարձրագոյն միջին ապահովող աշակերտները:

Հրակի յաղթանակին շնորհիւ իր վարժարանը ստացաւ մրցոյթի վահանը, որ իր մօտ պիտի մնայ մինչեւ յաջորդ տարեշրջան:

Կը շնորհաւորենք վարժարանն ու պարգեւատրուող Հրակ Տէրտէրեանն ու իր ծնողքը:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին