Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Ճիւնիի Ս․ Յարութիւն Եկեղեցի Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իշխանութեան Շնորհում Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ․ Սիմէոն Քհնյ․ Կարապետեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կիրակի 8 դեկտեմբեր 2019-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով նորին սրբութիւնը ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւներէն Արժ. Տ. Սիմէոն քհն. Կարապետեանի։

Առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտեց եկեղեցւոյ համար ծառայելու գաղափարը Սիմէոն քհն. Կարապետեանի կեանքին եւ անոր ծաւալած անձնդիր սպասաւորութեան ընդմէջէն` մաղթելով, որ քահանայ հայրը նոր եռանդով շարունակէ իր եկեղեցասէր եւ ազգանուէր առաքելութիւնը։

Սիմէոն քհն. Կարապետեան իր քարոզին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց վեhափառ հայրապետին, սրբազան հօր եւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին ծաղկեայ փիլոն ստանալուն առիթով եւ խոստացաւ առաւելագոյնս ծառայել իր հօտին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին