Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ռմէյլի Ս․ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իշխանութեան Շնորհում Եկեղեցւոյ Հովիւ Ղեւոնդ Քհնյ․ Լօշխաճեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կիրակի 1 դեկտեմբեր 2019-ին Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով նորին սրբութիւնը ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ քհն. Լօշխաճեանի։

Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Ղեւոնդ քհն. Լօշխաճեանին, որովհետեւ ան իր կարելին ի գործ կը դնէ որպէս անձնդիր հովիւ պայծառացնելու եկեղեցին եւ հասնելու ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր եւ ազգային կարիքներուն։

Ղեւոնդ քհն. Լօշխաճեան որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ արժանի տեսաւ իր գնահատելու զինք։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ ըսաւ, որ նորին սրբազնութիւնը հայրական գուրգուրանքով եւ քաջալերանքով կը մօտենայ քահանայ հայրերուն։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաւատացեալներուն, որոնց աղօթքներով կրցաւ յաջողիլ իր ծառայութեան ։

Ս. պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Օրուան հանդիսավար դպրաց դասի անդամ Հուրի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մատլէն Աջապահեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր ներկայութեան համար։ Ան վեր առաւ Ղեւոնդ քհն. Լօշխաճեանի նուիրումը իր ծուխին հանդէպ եւ շնորհաւորեց զինք ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն ստանալուն առիթով։ Ապա խորանին վրայ ծառայող ինը մանուկներուն նուէրներ բաժնուեցան` գնահատելու համար անոնց եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութիւնը, որմէ ետք կարգ մը ազգայիններ նուէրներ յանձնեցին քահանայ հօր, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքով։

Աւարտին, եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը եւ Տիկնանց յանձնախումբը ասա մը նուիրեցին սրբազան հօր, որ իր օրհնութեան խօսքով եզրափակեց հիւրասիրութեան հաւաքը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին