Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետերու գլխաւո-րութեամբ, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանին եւ պետական գործիչներու, հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք։
Խորհրդածութեան ընթացքին Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոս յայտնեց, որ Արարիչ եւ արարածներ հանդիպման օղակն է Քրիստոսի խաղաղութիւնը, աւելին` Քրիստոս ինք։ Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց, որ այս եզակի առանձնաշնորհումը քրիստոնեաներուն միջոցաւ կը հասնի ամբողջ Լիբանանին, եւ մեզ աշխարհի մէջ ապրողներ դարձնելով հանդերձ աշխարհէն եւ աշխարհիկէն վեր կը հանէ որպէս խաղաղութեան առաքեալներ` աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր խաղաղութիւն մը վայելելու եւ Լիբանանին տանելու։
Նարեկ արքեպիսպոպոս ըսաւ.- «Քրիստոսի խաղաղութիւնը ստանալու եւ մեր նմաններուն հետ բաժնեկցելու համար միայն մէ՛կ բան պէտք է ընենք.- Հեռանալ աշխարհի իշխանէն եւ միանալ երկինքի թագաւորին։ Պատրա՞ստ ենք այս հոգեփոխիչ վճռական քայլը առնելու։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛ր կեանքով պիտի պատասխանէ այս հարցումին եւ այն ատեն միայն Քրիստոսի հրահանգը պիտի զօրացնէ եւ առաջնորդէ մեզ վաղուան աւելի լաւ եւ մեր ցանկացած Լիբանանին կերտումին համար.- “Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք”»։
Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան նշեց, որ Քրիստոս մեզի կը յուշէ, որ խաղաղութիւնը ներքին է, որ հաւատացեալի հաւատքով կ՛ամրապնդուի, եւ որ ժամանակաւոր չէ, այլ՝ մնայուն, եւ որուն ճամբով կը յաղթահարուին բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։ Գերապայծառ Ասատուրեան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի երկրի բոլոր բնակիչներուն մէջ՝ հաւաքաբար վայելելու բարիքները եւ բաժնելու վիշտերը։
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան նշեց, որ այսօրուան դժուարին պայմաններուն դէմ յանդիման, Քրիստոսի ծնունդը տօնելու սեմին պէտք է զօրանանք եւ յուսադրուինք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է մեր տկարութիւններուն, անորոշութեան, անապահովութեան եւ փոթորիկներուն մէջ։ Վերապատուելի Մսըրլեան շեշտեց, որ պէտք է ամէն բանի համար աղօթենք, Աստուծմէ խնդրենք խաղաղութիւն եւ ունենանք քրիստոնէական վկայութիւն՝ մեր կեանքը ապրելով պարկեշտութեամբ, սիրով, արդարամտութեամբ, քաղցրութեամբ եւ բարի համբաւով։
Աղօթքի աւարտին, հոգեւոր հայրերը հանդիպում մը ունեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ուր քննարկեցին առկայ ընկերանտեսական դժուարութիւններու լոյսին տակ միասնականութեան եւ գործակցութեան կարելիութիւնները։