Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Լիբանանի Տնտեսութիւնը Դէպի Ո՞ւր… Կլոր Սեղան «Զարթօնք»ի Յարկին Տակ Բ. Հանդիպում

 Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ

 

«Զարթօնք»ի կազմակերպած պարբերական հանդիպումներու երկրորդը` այս անգամ,  «Լիբանանի Տնտեսութիւնը Դէպի Ո՞ւր. Դրամատնային Համակարգի եւ Տնտեսա-Ֆինանսական Պայմաններու Ներկայ Իրավիճակը» խորագրով   տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան, Թէքէեան Կեդրոնի մէջ, Ա. յարկ:

Բացման խօսքով, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծեց, որ սոյն հանդիպումը Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներու շարքին երկրորդն է: Ան աւելցուց, որ «Զարթօնք»ի յարկին տակ ամեն Հինգշաբթի օր կազմակերպուող  այս հանդիպումները կը նպատակադրեն Լիբանանի ներկայ կացութեամբ եւ լիբանանահայութեամբ  մտահոգ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ազգային մեր մտահոգութիւններն ու յոյզերը ապրող ազգայիններով կլոր սեղան մը յառաջացնել, ուր միտքեր փոխանակուին, կարծիքներ լուսաբանուին եւ կարելի համապատկեր մը գոյացուի՝ նուազեցնելու համար բոլորիս խարխափումներն ու անորոշութիւնները:

Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ «հաւաքաբար մտածելու աշխատանոց մը» նկատեց սոյն հաւաքները: Ապա ան ներկայացուց օրուայ հիւրը՝ Ալեն Պալեանը, որ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչն էր:

Իր օգտաշատ խօսքին մէջ, Պրն Պալեան նախ անդրադարձաւ Լիբանանի պետութեան եկամուտին մասին նշելով, որ 2017ին ան եղած է 10.78 միլիառ տոլար: 2018ին ան նուազած է եւ դարձած է 9.98 միլիառ տոլար: Միւս կողմէն աւելցած է պետութեան ծախսը 2017ի 14.08էն 2018ին՝  15.28 միլիառ տոլարի: Այս բարձրացումին հիմնական պատճառը ըստ Պրն. Պալեանին պետական ամսականներու վրայ եկած յաւելումներէն են շնորհուած աստիճաններու հետ կապուած:

Ինչ կը վերաբերի պետական պարտքին, որ շուրջ 85 միլիառ տոլար է, Պրն. Պալեան հաստատեց, որ անոր տարեկան տոկոսները կը կազմեն 5 միլիառ տոլար, որուն չգոյութեան պարագային պետական պիւտճէն բացի մէջ չմնար: Այլ վերնագրով, Պրն Պալեան նշեց, որ պետական մարզի ամսավճարները կը կազմեն պետական եկամուտին 36 տոկոսը, ինչ որ բաւական բարձր թիւ է: Սակայն աւելի վտանգաւոր է ելեկտրականութեան վրայ ծախսուող գումարը, որ կը կազմէ պիւտճէին 11 տոկոսը:

Ըստ Պրն. Պալեանին Լիբանանի տարեկան ներածումը կը կազմէ 23 միլիառ տոլար արժողութեամբ ապրանք մինչ կ՛արտածէ ընդամէնը 2.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ արտադրութիւն:

Պրն. Պալեան հաստատեց, որ Լիբանան զբօսաշրջութենէն կը սատանայ տարեկան 8 միլիառ տոլար իսկ արտերկրի մէջ բնակող լիբանանցիներ 7.5 – 8 միլիառ տոլար կը ղրկեն երկիր:

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչը յստակացուց, որ Լիբանանի պետական պարտքին կարեւոր մէկ բաժինը ներքին պարտք է: Այսինքն պետութիւնը պարտք վերցուցած է տեղական պանքերէն: Ըստ Պրն. Պալեանին լիբանանեան դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարը կը հասնի 120 միլիառ տոլարի մինչ դրամատուները ըստ օրինի 40 միլիառ տոլար պահ դրած են Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան մէջ:

Հետաքրքրական զեկոյց մըն էր Պրն. Ալեն Պալեանի զեկոյցը, որուն ընկերացաւ պատին վրայ ցուցադրուած թուային տախտակները:

Զեկոյցէն ետք Դոկտ. Տագէսեան առիթը տուաւ ներկաներուն իրենց հարցերը տալու օրուայ հիւրին, որ մեծ համբերութեամբ պատասխանեց բոլորին մտահոգութիւններուն:

Հաւաքի աւարտին, Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, ի մասնաւորի Պրն. Ալեն Պալեանին, որ սիրով ընդառաջած էր իր հրաւէրին: Ան ներկաներուն յայտնեց, որ «Զարթօնք«ի հանդիպումները կը շարունակուին ամեն Հինգշաբթի նոր թեմայով եւ անոր մասնագէտ հիւրով:  

Շուրջ 90 վայրկեան տեւած այս հանդիպումէն ներկաները մեկնեցան, լաւ տրամադրութիւններով ազդուած Պրն. Պալեանի Լիբանանի տնտեսութեան ապագային վերաբերող ոչ այնքան յոռետես ներկայացումէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին