Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

250  Վարչականներու  Մասնակցութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Գումարեց Տարեկան  Ընդհանուր Վարչական Ժողովը

Հակառակ երկիրը հարուածող  քաղաքական, տնտեսական-ընկերային փոթորիկին,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի  Կեդրոնական  Վարչութեան   հովանաւորութեամբ,  Կիրակի, 8  դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի  38 վարչութիւններ ներկայացնող աւելի  քան  երկու  հարիւր յիսուն վարչականներու մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  տարեկան վարչական  ընդհանուր  ժողովը:

 Լիբանանի, Հայաստանի,  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն  յոտնկայս  կատարումէն ետք, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն, դիտել տալով, որ  Լիբանանի զարգացումները անհաճոյ անակնկալներու եւ   ստիպողականութիւններու առջեւ դրած են  ժողովուրդին բոլոր խաւերը: Այսուհանդերձ,  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ –ի  ընտանիքը յանձնառու կը մնայ իր ազգային   պարտաւորութիւններուն  եւ  հաւաքական աշխատանքով պիտի  յաղթահարէ լիբանանահայութեան առջեւ ցցուող այս նոր մարտահրաւէրը:  Այս առիթով, ան ընդգծեց, թէ  ժողովին առանցքային օրակարգերէն  մէկը պիտի  ըլլայ  երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ լիբանանահայութեան    օժանդակելու  կարելիութիւնները:

Վիգէն Չերչեան  շնորհակալութեան  յատուկ խօսք  ուղղեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին  եւ անոր  ատենապետ  տիար  Ժերար Թիւֆենքճեանին` ՀԵԸ-ի  միջոցառումներուն  մնայուն  կերպով նեցուկ  կենալու  անմնացորդ պատրաստակամութեան: Ան, շնորհակալութեան խօսք յղեց  նաեւ   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  անդամներուն եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակին:

ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական   գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան  ընթերցեց   նախորդ տարուան   ընդհանուր  վարչական  ժողովին  ատենագրութիւնը:

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  վարիչ տնօրէնուհի Արին  Ղազարեան  ընթերցեց  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ   Ժերար Թիւֆենքճեանի սրտի  խօսքը:

Ժողովը   յատուկ  յուշանուէրով պատուեց  աշխատանքի բերումով   Մ. Նահանգներ մեկնող  Մայտա Քիւրեճեանը:

 ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ Վիգէն Չերչեան  լուսարձակի տակ առաւ   նախորդ տարուան  ընդհանուր վարչական ժողովէն բխած որոշումները: Յուրախութիւն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը  իրագործած էր ժողովէն  բխած առաջադրութիւնները:

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի   38  վարչութիւններ  հերթաբար   ներկայացուցին  անցնող տարուան  իրենց գործունէութեան տեղեկագիրը:   Մեծ պաստառի վրայ  գրաւոր   ելոյթներուն  կ’ընկերակցէին  վարչութեանց  գործունէութիւնը  խտացնող տեաերիզներ:

Դադարէն եւ  յիշատակի խմբանկարէն   ետք,  վարչական ժողովի երկրորդ   բաժինով,  քննարկուեցան  մասնաճիւղերուն յառաջիկայ   տարուան  ծրագիրները: Առաջարկութիւնները  արձանագրուեցան, հետագայի  համար, առ ի  քննարկում:

Ընդհանուր  վարչական  ժողովը   եզրափակուեցաւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ՝ հաւաքական  ճիգերով աշխատանքը շարունակելու   բարեմաղթութիւններով:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին