Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ընկ. Սեւակ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելեց Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատուն տեսակցութիւն մը ունենալու համար ՀՀ Վսեմաշուք դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբեկեանի հետ: ՌԱԿի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկ.հի Ճէքի Տէրվիշեան եւ ընկ. Սեդրակ Քիւրէճեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ մը կատարուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութեան հետ առնչուած կարգ մը հարցերու:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան