Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ. ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՆՔ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով եւ անձնապէս, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. սրբազնագոյն վեհափառ հայրապետին, որ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած մտաւորականներու հաւաքի ընթացքին, քննարկման օրակարգ դարձուց Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ ընկերա-տնտեսական տագնապն ու յատկապէս անոր հետեւանքները Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս:

Հաւաքի աւարտին, նորին սրբութիւնը շեշտեց լիբանանահայութեան առանցքային դերը, լիբանանահայ գաղութը զօրեղ ու աշխոյժ պահելու հրամայականը եւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը լիբանանահայութեան զօրակցելու առաջին օրինակը տուաւ, երբ  յայտնեց, թէ Կաթողիկոսարանը Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ կը դնէ հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի` որպէս անմիջական օժանդակութիւն՝ յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նաեւ` «Արարատ,» «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն կը յատկացնէ տասական միլիոն լիբանանեան ոսկի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տրամադրած անմիջական օժանդակութիւնը, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին ճամբով, պիտի տրամադրուի մեր կարիքաւոր զաւակներուն։

Մեր հերթին, արձագանգելով Վեհափառ հայրապետի հայրական գուրգուրալից կոչին, այս հանգրուանին կը դիմենք բոլոր լիբանանահայերուն, որ հայ քրիստոնէական պարտաւորութիւն նկատեն Ազգային առաջնորդարանին ճամբով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարել իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Յիշենք եւ իրարու յիշեցնենք Պօղոս առաքեալի յորդորը.- «Իւրաքանչիւրը թող տայ` նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ.Կր 9.7)։

Կը հաւատանք, որ լիբանանահայութիւնը հայ քրիստոնէական հաւատքով զինուած եւ ազգային առատաձեռն բարեմասնութեամբ տոգորուած միասնակամ կեցուածքով քաջաբար պիտի դիմագրաւէ լիբանանեան տագնապի այս հանգրուանը եւ լծուի շինիչ հայրենակերտումի։

Օրհնութեամբ`

Նարեկ արքեպիսկոպոս

Առաջնորդ Լիբանանի հայոց

3 դեկտեմբեր 2019

Պէյրութ – Լիբանան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին