Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Լիբանանեան Բանակը Կը Միջամտէ Ցրուելու Նախագահին Զօրակիցներն ու Անոր Դէմ Բողոքողները

Լիբանանեան բանակը Պաապտայի նախագահական պալատին շրջակայքը երէկ միջամտեց ցրուելու նախագահին զօրակցելու համար հոն հաւաքուած ժողովուրդն  ու անոր դէմ ցոյց կատարող բողոքարարները:

Արդարեւ երէկ առաւօտեան ժամերէն Պաապտայի ապարանքին շրջակայքը հաւաքուեցան նախագահին զօրակցող խումբ մը քաղաքացիներ որոնք կը մերժէին նախագահին դէմ արձակուող խօսքերը: Միւս կողմէ հոն ժամանեցին ցուցարարներ, որոնք նախագահէն կը պահանջէին շուտափոյթ ձեւով կատարել պարտադիր խորհրդակցութիւնները, նշանակելու համար վարչապետ մը, որ իր կարգին պէտք է կազմէ նոր կառավարութիւն մը:

Այս երկու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, որուն որպէս արդիւնք նուազագոյնը մէկ վիրաւոր:

Սոյն բախումներուն յաւելեալ զարգացումը կանխարգիլելու միտումով Լիբանանեան բանակը անմիջապէս միջամտեց ցրելով հոն հաւաքուած քաղաքացիները:

Մինչ այդ Պէյրութի հրապարակները դարձեալ ժամադրավայրը եղան ցուցարարներու, որոնք իրենց հետ ունէին ձիթենիներու ճիւղեր, որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ:

Մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռաիի առաւօտեան իր պատարագին մէջ կոչ ուղղեց քաղաքական գործիչներուն լիբանանցի ժողովուրդն ու Լիբանանը վեր բռնել իրենց շահերէն եւ շուտով կազմեն փրկութեան կառավարութիւն մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին