Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ. Լիբանանի Անկախութիւնը Անբեկանելի է

 Դարեր շարունակ, երկիրներ կը պայքարին ինքնահաստատման ու ինքնագոյատեւման համար, երբեք գլուխ չխոնարհելով հզօր եւ օտար երկրի կամ ազգի մը իշխանութեան կամ տիրակալութեան դիմաց:

Տարիներու ընթացքին երկիրներու մէջ կուտակուած ազգային ընդվզումները կ’արտայայտուին ապստամբութիւններով օտարին տիրապետութեան դէմ, ֆիզիքական՝ մանաւանդ զինուած ոյժեր հաւաքելով, բուռն, կարճ կամ երկար պայքարներ մղելով, օտարը շպրտելով երկրէն դուրս ու յեղափոխական այս արարքներով կը հռչակեն իրենց անկախութիւնը: Աւելին, ժողովրդային ապստամբութիւնները ընդդէմ անիրաւութեան, կուտակուած անլուծելի խնդիրներու՝ ընկերային, հասարակական, ինչպէս նաեւ քաղաքացիի հարիր ու բարգաւաճ կենսամակարդակի աճման ծրագիրներու անգործադրութեանն ու հետընթացին, որոնց վրայ աւելնալով արտաքին անվերջ ճնշումները, աներկբայ պատճառ կը հանդիսանան երկիրներու անկայունութեան եւ անկախութեան խարիսխի սասանման:

Ուրեմն, անկախութիւնը ամէնօրեայ յամառ պայքար է: Ան պայքար մըն է միտքի ազատութեան, ժողովուրդի, հոգիներու ազատատենչութեան, ինքնուրոյն որոշումին ու խղճի վերադառնալու առիթ մը:

Վերջին շրջաններուն, մեր գողտրիկ երկիր՝ Լիբանանը, որ տարիներ շարունակ կը դիմակալէ բազում մարտահրաւէրներ, անսասան ու վճռական կը մնայ երկրէն ներս կատարուելիք դրական բարեփոխումներուն:  

Վերոնշեալ խորհրդածութենէ ելլելով՝  Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը այս տարի  ընթացաւ իւրայատուկ պատշաճութեամբ:

Հինգշաբթի 21 Նոյեմբեր 2019-ին,  Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանէն ներս, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համատեղ ջանքերով  պատրաստուած  Լիբանանի Հանրապետութեան 76-րդ անկախութեան յուշատօնի յայտագրի կողքին, իր ներկայութեամբ եւ սրտի խօսքով պատուեց՝ Լիբանանի հրաժարեալ կառավարութեան ընկերային հարցերու հայազգի նախարար՝ Տիար Րիշար Գույումճեանը, որ վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամ՝ Ընկ. Արա Գոյունեանի ու վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրին պատուեց մեզ իբրեւ հիւր:

Հանդիսութեան ներկայ էին Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ու Զարթօնք օրաթերթի խմբագիր՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Թ.Մ.Մ Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին ատենապետ՝ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան:

Լիբանանի Հանրապետութեան քայլերգը յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ արաբերէն լեզուի դասատու Տիկ. Նաժուա Եազպէք, ուր հակիրճ կերպով անդրադարձ կատարեց օրուան խորհուրդին, յարգանքով, հպարտութեամբ եւ երկիւղածութեամբ նշելով, անկախ երկիրի ստեղծման համար զոհուող նահատակները, որոնք իրենց անձը նուիրեցին, որպէսզի ազգ, ժողովուրդ մայրենի իր հողին վրայ միասնաբար ապրին ու բարգաւաճին:   

Մթնոլորտը ճոխացուցին վարժարանիս «Կարս» պարախումբի փոքրերը Լիբանանեան ազգագրական պարով մը:

Նախակրթարան Ա. Բ. Գ. դասարանի աշակերտները խրոխտ եւ հպարտ երգեցին լիբանանեան հայրենասիրական երգեր ղեկավարութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցչուհի՝ Օրդ. Լասքարինա Ագրապեանի, ապա նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտուհիներ՝ Վալերիա Տոմպուրեան ու Փաթիլ Փափազեան հերթաբար ընթերցեցին «անկախութիւնը գովաբանող» ու «աշակերտին համար անկախութիւնը անսասան պահելու համար պարտաւորութիւններ ու պարտականութիւններ» խորհրդածութիւնները: Ապա գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակուեցաւ Միջն. Ա. Բ. Գ. դասարաններու կողմէ պատրաստուած անկախութեան թեման պանծացնող թատրոնով մը, որուն ընդմէջէն ձեւապատկերներով ներկայացուցին Լիբանանի անկախութեան պատմական դէպքերը:

Պատուարժան հիւրին, Նախարար Տիար՝ Րիշար Գույումճեանի համառօտ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, Տիկ. Նաժուա Եազպէք բեմ հրաւիրեց զայն:

Պրն. Նախարարը՝ թէեւ արաբախօս ըլլալով, հայերէնով ողջոյնի քանի մը  խօսքեր փոխանցեց ըսելով. «Բարի օր: Ես շատ հպարտ եւ ուրախ եմ ձեր մէջ այսօր, Վահան Թէքէեան վարժարանէն ներս: Կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր զաւակներուն փայլուն ապագայ»: Բովանդակալից ու մանրակրկիտ բացատրութեամբ մը: Ան ներկաներուն փոխանցեց Լիբանանի կերտած դաժան ուղին, Լիբանանցիին դիմագրաւած այլազան դժուարութիւները՝ հասնելով մինչեւ փառապանծ անկախութիւն, որ տակաւին շարունակելով ա՛յդ յաղթերթը, իր ներկայութիւնը կը հաստատէ համաշխարհային քարտէսին վրայ, դրոշմելով իր ուրոյն ներկայութիւնը: Ապա ողջունեց եւ գնահատեց բոլորը, որ երկրի քաղաքական ու տնտեսական այս դժուարին պայմաններուն մէջ, յատուկ նշանակութեամբ տօնեցին Լիբանանի անկախութիւնը: Որմէ ետք փառաւորեց Լիբանանահայը, որ գիտակից է եւ գիտէ արժեւորել ու գնահատել անկախութեան խորհուրդը իր համապարփակ արժեհամակարգներով: Խօսքին ընդմէջէն, Պրն. Նախարարը հակիրճ անդրադարձ ունեցաւ նաեւ Լիբանանի պատմութեան մասին:

Յարգելի Նախարարը անդրադարձ կատարեց վերջին ժամանակներուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ընդվզումներուն, զայն որակելով յեղափոխութիւն ընդդէմ հին ու մաշուած համակարգի, աւելցնելով եւ մատնանշելով այն երեւոյթը, թէ նոր սերունդը այս յեղափոխութեամբ կը փափաքի տեսնել նոր, երիտասարդ, ինքնահաստատումն, զերծ տածութենէ, հակակուսակցականն ներքին իրարամերժ խլրտումներէ,  զարգացած եւ բարգաւաճ Լիբանան մը: Ուստի, ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան եւ ծնողներուն յորդորեց պահպանելու Լիբանանի փառապանծ անկախութիւնը՝ այն անկախութիւնը որ ներկայ ժամանակին կը դիմաւորէ նոր ժամանակաշրջան մը. նոր ոճով, աւելի երիտասարդ ու յարաճուն տեսլականով, անլուծելի խնդիրներու հերթակար կարգաւորման, ու կառուցելու ապագայ պայծառ երկիր մը:

Խօսքի աւարտին, յարգելի Նախարարը իր շնորհաւորանքները ուղղեց վարժարանիս Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ ուսուցչականն, որոնք ամէն ջանք ի գին դնելով բարձր կը պահեն վարժարանիս պատիւն ու անոր վեհ առաքելութիւնը՝ դաստիարակելով ազնիւ, հայրենասէր եւ բազում դժուարութիւններ յաղթահարող սերունդ մը:   

Յայտագիրի աւարտին, վարժարանիս տնօրէնութիւնին փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ուր ան անդրադարձաւ երկու հայրենիքի պատկանելիութեան գաղափարին, մատնանշելով, որ մենք թէեւ հայ ենք եւ մեր հայրենիքը Հայաստանն է, սակայն տրուած ըլլալով,որ մեր ծննդավայրը Լիբանանն է, վերջինս կը համարուի մեր երկրորդ հայրենիքը: Հետեւաբար, որպէս Լիբանանի քաղաքացիներ, պէտք է գուրգուրալ մեր Լիբանանին եւ գործօն դեր ունենալ անոր բարգաւաճման, վերելքին եւ անկախութեան պահպանման մէջ, յորդորելով հաւատարիմ մնալ Լիբանանեան հայրենիքին անկախութեան խորհուրդին, յարատեւ աշխատանքով, քաջութեամբ ու գօտեպնդուած կամքով դիմագրաւելու համար բազում մարտահրաւէրներ: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ի մասնաւորի օրուան հիւրին, որ իր սուղ ժամերը տրամադրելով պատուեց վարժարանիս կազմակերպած ձեռնարկը:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրի յանձնում նախարար՝ Րիշար Գույումճեանին, ձեռամբ վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի:

Լիբանանի անկախութիւնը անբեկանելի է: Ան պիտի յաղթահարէ ներկայ բազում դժուարութիւնները ու ալ աւելի երիտասարդացած ճախրէ՛ իր Փիւնիկեան թեւերով դէպի նոր նուաճումներ:

Բոլորս սատա՛ր Լիբանանին, անոր բարձրունքի՛ն եւ վե՛հ դրօշին:

                                                                                    Վահան Թէքէեան Վարժարանի

                                                                            Լրատուական Գրասենեակ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին