Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Կեանքը ՀԵԸ-ի Սկաուտական Ընտանիքին Մէջ

Սկաուտական  շարժումը  կը  մնայ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ամենակարեւոր  միաւորներէն  մէկը: ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան տարեկան բարեյաջող  բանակումէն եւ  խարուկահանդէսէն ետք, հանդիսաւոր  արարողութեամբ վերսկսան  իրենց  նոր  տարեշրջանի  աշխատանքներուն:

Մեր սկաուտական զոյգ  մասնաճիւղերը  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի եւ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեանի կեդրոնի  իրենց ակումբներուն  մէջ կը նախապատրաստեն  ձմեռնային բանակումներու, ներքին եւ արաքին  ձեռնարկներու  ժամանակացոյցը, կը կազմակերպեն  դաստիարակչական հաւաքներ  եւ հանդիպումներ:  Անոնք ակումբային ջերմ մթնոլորտի մէջ,  կը հաւաքեն սկաուտական գիտելիքներ, կը  ծանօթանան ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի պատմութեան եւ սկաուտական կեանքի աւանդութիւններուն:

Յաջողութիւն մեր սկաուտական շարժումներուն:

 ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին