Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Ժողովրդային Ընդվզումի 42րդ Օրը Յեղափոխականները Թիրախաւորեցին Դրամատնային Հաստատութիւնները

Երէկ բողոքարարները թիրախաւորեցին Լիբանանի հիմնական պանքերը: Մեծ թիւով մարդիկ հաւաքուեցան Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան դիմաց Համրայի շրջանին մէջ ինչպէս նաեւ Դրամատուներու  Համամիութեան տան առջեւ, որ կը գտնուի Ժըմմէյզիի շրջանին մէջ բողոքելու համար դրամային այն քաղաքականութիւններուն դէմ, որ երկիրը հասցուցին տնտեսական այս անելին:

Կեդրոնական դրամատան առջեւ բողոք կատարողները կը կրէին դիմակներ, կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դիմանկարով: Այս բոլորը, երբ Պէյրութի ոչ պաշտօնական դրամական շուկայի վրայ մէկ ամերիկեան տոլարի սակը բարձրացաւ 2150 լիբ. ոսկիի:

Միւս կողմէ տնտեսական հաստատութիւնները, որոնք գործադուլ յայտարարած էին, վերջին պահուն հրաժարեցան զայն գործադրելէ:

Խորհրդանշական քայլով մը, 1975ի քաղաքացիական պատերազմը խորհրդանշող Այն էլ Ռըմմէնի եւ Շիահ շրջաններուն տարբեր համայնքներու պատկանող բնակիչները ցոյց մը կատարեցին եւ իրար հանդէպ ունեցած յարգանքն ու համակեցութեան դիրքորոշումը արտայայտեցին, ի պատասխան քաղաքացիական խնդիրներու մղող կարգ մը շարժումներու անքաղաքակիրթ արարքներուն, որոնք կատարուեցան վերջին օրերուն:

Խորհրդարանէն ներս յանձնախումբերու հանդիպումներ եւ ժողովներ տեղի ունեցան: Այս մասին գոհունակութեամբ արտայայտուեցան շարք մը քաղաքական գործիչներ պետական հաստատութիւններու աշխատանքը քաջալերելով:

Այսօրուայ համար նկատի առնուած երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու թուականն ալ անորոշ ժամանակով դարձեալ յետաձգուեցաւ աւելի եւս մութի մէջ պահելով Լիբանանի քաղաքական ապագան մինչ բոլոր շրջաններուն մէջ բողոքի ցոյցերը զանազան տարբերակներով շարունակուեցան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին