Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Հարիրի Վճռեց. Ան Պիտի Չըստանձնէ Վարչապետի Պաշտօնը

Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, որ ինք հրաժարած է վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու խնդրէն։ Հարիրի նաեւ նշեց, որ իր համար երկիրը տնտեսական բարդ վիճակէն դուրս հանելու համար գոյութիւն ունի մէկ ճանապարհ, որն է մասնագէտներու, ոչ քաղաքական կառավարութիւն մը:

Հարիրի նաեւ նկատել տուաւ, որ այսօր բողոքի ալիքին սկիզբ առնելէն աւելի քան քառասուն օր եւ կառավարութեան հրաժարումէն երեսուն օր անց երկիրը հարուածող տագնապին ամէնէն մտահոգիչ երեսն այն է, որ քաղաքական կարգ մը շրջանակներ կը շարունակեն անգիտանալ, թէ Լիբանանն ինչ դժուարին տագնապի մը առջեւ կանգնած է։ Ան իր խօսքի աւարտին յոյս յայտնած է, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու վերաբերեալ իր որդեգրած կեցուածքէն ետք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը արագօրէն ընթացք կու տայ նոր վարչապետի նշանակման վերաբերեալ տեղի ունենալիք պարտադիր խորհրդակցութիւններուն։

Վարչապետի պաշտօնի համար երէկ արծարծուեցաւ Սամիր Խաթիպի անունը, որ Սաատ Հարիրիի մօտիկ՝ Սիւննի անձնաւորութիւն մըն է եւ յաջող շինարար:

Խաթիպ, չհերքեց իր անուան շուրջ դարձող նիւթը: Ընդհակառակը, ան ըսաւ, որ ինք պատրաստ է ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը:

Մինչ նախագահական պալատի մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ հաւանականութիւնները մեծ են, որ Հինգշաբթի օրը նախագահ Աուն սկսի իր խորհրդակցութիւններուն, անուանելու նոր վարչապետը, երկրի տարածքին շարունակուեցան ցոյցերն ու բողոքի շարժումները: Իրար դէմ ցոյցեր կատարուեցան ինչպէս Պաապտայի պալատին մօտ նոյնպէս փորձ մը կատարուեցաւ ցոյցեր կատարել Պիքֆայյայի մէջ նախկին Նախագահ Ամին Ժըմայէլի դէմ: Ի դէպ Պաապտայի պալատի շրջակայքը բարձրացած էին աունական շարժումի անդամներ, որոնք ուզեցին դէմ դնել կատարուելիք ցոյցերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին