Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Յեղափոխականները Դարձեալ Փողոց Իջան

Մինչ նախագահի մօտիկ աղբիւրներ կը հաղորդէին, որ նախագահը կը պատրաստուի այս շաբթուայ ընթացքին կատարել երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու իր հանդիպումները, հարիւրաւոր ցուցարարներ դարձեալ փողոց իջան երէկ գիշեր փակելով Պէյրութի տասնեակ կարեւոր ճանապարհներ։

Ցուցարարները յայտարարեցին, որ այսօր ՝ երկուշաբթի բողոքի եւ համընդհանուր գործադուլ օր պիտի ըլլայ։ Նշենք, որ գործադուլին մասին աւելի կանուխ յայտարարած էին Սայտա եւ Թրիփոլի քաղաքներու ցուցարարները նշելով, որ իրենք այս քայլին կ՚երթան, որովհետեւ երկրին մէջ վերջին շուրջ քառասուն օրեայ բողոքի ալիքէն ետք ոչինչ փոխուած է իշխանութեան վերաբերմունքին մէջ։

«Արեւելք» կը վկայակոչէ  «Ալ Արապիա» կայանը որ յղում կատարելով Լիբանանի պետական լրատուական գործակալութեան յայտարարած է, որ այսօր երկուշաբթի Լիբանանի ամբողջ տարածքով գործող բոլոր վարժարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները։ Կը սպասուի, որ այսօր առաւօտ կանուխ մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուին մասնաւորապէս Պէյրութ տանող ճանապարհներուն վրայ փորձելով փակել այդ ճանապարհները։

Նշենք, որ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով երկիրը ապրեցաւ աննախադէպ ցոյցերու տեսարաններ երբ ժողովուրդը ինքը կազմակերպեց անկախութեան յատուկ աւանդական տողանցքները: Յատկանշական քայլով մը, ժողովուրդը մէկ օրուայ ընթացքին վերանորոգեց իր խորհրդանիշը նկատուող բռունցքը, նոր մը եւ աւելի ամուր սարքուածը զետեղելով նախկինին տեղ, որ հրոյ ճարակ դարձած էր անծանօթներու կողմէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին