Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Նոր Կառավարութիւնը Պէտք Է Արտադրող Ըլլայ Եւ Հեռու Փտածութենէ. Աուն

Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ կարող, արտադրող եւ փտածութենէ հեռու ըսաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն, Լիբանանի Անկախութեան Տօնին առիթով իր արտասանած հեռասփռուած խօսքին մէջ, որուն միջոցաւ ան Անկախութեան Տօնին 76ամեակի նախօրէին իր խօսքով դիմեց Լիբանանցի ժողովուրդին:

«Ժամն է գործելու… որովհետեւ մենք ժամանակին հետ մրցումի մէջ ենք, մինչ կը դիմագրաւենք շատ մեծ եւ վտանգաւոր խնդիրներ» ըսաւ Աուն:

Աունի խօսքը եկաւ այն պահուն, երբ Լիբանանի տնտեսութիւնը կը գտնուի անկումի սեմին մինչ անոր կառավարութիւնը հրաժարած է:

Աունի դրական յայտարարութիւնները երէկ սակայն չընդգրկեցին երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ժամկէտի մը ճշդումը, որ կրնար որոշ հանգստութիւն տալ 36 օրերէ ի վեր ցոյցեր կատարող ժողովուրդին, որոնցմէ շատեր իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելու համար դարձեալ ճամբաներ փակեցին երէկ գիշեր:

Երէկ Լիբանանի տարածքին շարունակուեցան ցոյցեր, ի մասնաւորի դպրոցականներու մասնակցութեամբ, որոնք կառավարական հաստատութիւններու մօտ այրեցին Լիբանանի պատմութեան պետական դասագիրքերը:

Այսօր ժողովրդային տօնակատարութիւններ պիտի կատարուին տօնելու Լիբանանի անկախութեան տօնը ի բացակայութիւն պետական աւանդական տօնակատարութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին