Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները Նոյեմբեր ամսու երկրորդ տասնօրեային ընթացքին զանազան աշխատանքներով անդրադարձան Լիբանանի Անկախութեան, որուն նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 20 Նոյեմբերին, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Խմբային երգերով, ասմունքով եւ ուղերձներով Մեսրոպեանի աշակերտները յարգեցին յիշատակը Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն, վեր բերին Լիբանանի դերն ու նշանակութիւնը համաշխարհային ընկերութեան մէջ եւ շեշտեցին անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը՝ յառաջադէմ պետականութեան կերտումին մէջ:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ այս տարի Անկախութեան տօնը կու գայ առանձնայատուկ պայմաններու մէջ: Ան շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացին ունի յստակ պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ, զորս պարտի կատարել եւ իրագործել՝ յանուն պետութեան եւ ընկերութեան բարօրութեան: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ հայրենասիրութիւնը կը սկսի փոքր թուացող գործերով, ինչպիսին է, օրինակ, հոգածութիւնը շրջակայ միջավայրին նկատմամբ կամ յարգալից վերաբերմունքը՝ ընկերութեան կեանքը կարգաւորող կանոններուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ: Ան խորհուրդ տուաւ մանաւանդ բարձր կարգի աշակերտներուն, որ լաւապէս իրազեկուին Լիբանանի դիմագրաւած բազում տագնապներուն մասին, շեշտելով, որ իմացութիւնը պայման է քաղաքացիական առողջ կեցուածքներ ունենալուն համար:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի