Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԹ. հատորի շնորհանդէսը Երեւանի մէջ, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2019 Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանի Դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Ազգային Գրադարանի տնօրէն Դոկտ. Հրաչեայ Սարիբէկեանի, Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, Ազգային Գրադարանի պաշտօնատարներու, Պէյրութէն ժամանած հիւրերու, բարեկամներու, եւ աւելի քան յիսուն հետազօտող հայագէտներու, Հայագիտական Հանդէսի հին եւ նոր աշխատակիցներու:
Շնորհանդէսին բացումը կատարեց Ազգային Գրադարանի տնօրէն Դոկտ. Սարիբէկեան, որ իր բարիգալուստի խօսքին մէջ կարեւորեց Հայկազեան Համալսարանի հետ գործակցութեան խորացումը, յարատեւումը եւ մաղթեց գործակցութեան նոր ծրագիրերու մշակումը:
Իր խօսքի աւարտին, Դոկտ. Սարիբէկեան եւ Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան ստորագրեցին գործակցութեան յուշագիր՝ Հայկազեան Համալսարանի եւ Ազգային Գրադարանին միջեւ:
Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Տագէսեան, որ ընդգծելով Հանդէսի խմբագրակազմին յանձնառութիւնը՝ հայագիտութեան սահմանումին ընդարձակումին ու այժմէականութեան առնչութեամբ, իմիջիայլոց յայտնեց թէ «Հանդէսի 50ամեակին եւ 40րդ հատորին նախաշէմին, … Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը յատուկ ճիգ պիտի ընէ ընդգրկելու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին երեսուն տարիներու կենսագործունէութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ»:
Իր խօսքին մէջ, Վեր. Հայտօսթեան հարցադրեց թէ «ինչպիսի միտք, գիտութիւն, լեզու, գրառում, տեղեկութիւն պիտի ուզէինք որ ապագայի ուսումնասիրողները ստացած ըլլային մեզմէ, կամ մեզմէ փոխանցուած ըլլար իրենց: Կայքէջերը եւ պլոկները այսօր կը կատարեն որոշ դերեր եւ կան դրական արդիւնքներ: Սակայն հոն որակի վերահսկումի խնդիրներ կան: Իսկ հայագիտական աւանդական հանդէսները, ակադեմական հիմք ունեցող պարբերականները տակաւին վստահութիւն կը ներշնչեն»: Ան կոչ ուղղեց առաւել աչալրջութեան:
Հանդէսի Երեւանի ներկայացուցիչ Դոկտ. Արծուի Բախչինեան ներկայացնելով հատորը համառօտակի անդրադարձաւ Հանդէսի 920 էջերուն մէջ տեղ գտած շուրջ 50 յօդուածներու բովանդակութեան:
Նշուեցաւ նաեւ որ այս հատորին աշխատակցած են հայ եւ այլազգի շուրջ 50 հայագէտներ Հիւսիսային եւ Հարաւային ամերիկաներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն: Աշխատակիցներուն կրտսերագոյնը (համահեղինակ) ծնած է 1999ին, իսկ երիցագոյնը՝ 1939ին:
Շնորհանդէսի աւարտին աշխատակիցները ստացան իրենց առանձնատիպերն ու Հանդէսէն օրինակներ: