Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Աւելի Քան 20 Երեսփոխաններ Պիտի Բացակային Խորհրդարանի Նիստէն

Շարք մը երեսփոխաններ կը մերժեն ներկայ ըլլալ այսօրուայ խորհրդարանական նիստին: «

Արդարեւ Լիբանանեան Ուժերու, Փաղանգաւորներու,  Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութեան խմբակցութիւններու երեսփոխաններ յստակ կեցուածքով մը ներկայ պիտի չըլլան այսօր կայանալիք խորհրդարանի նիստին, որ իր օրակարգին վրայ միջի այլոց  ունի ընդհանուր ներումի մը խնդիր ստեղծող օրակարգը: Խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ շարք մը այլ օրէնքներ:

«Մեր երկիրը յաւելեալ օրէնքներու պէտք ունի՞» յայտարարեց Սամիր Ժաաժաա նշելով՛ որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ նախ սկսինք գործադրել գոյութիւն ունեցող օրէնքները:

Յիշեցնենք, թէ սոյն ժողովը նախ ծրագրուած էր կայանալ նախորդ շաբաթ, որ յայտնի պատճառներով յետաձգուեցաւ այսօրուայ:

Յեղափոխականները զգուշացուցին, որ պիտի չարտօնեն ժողովի գումարումը, եւ դէպի խորհրդարան ճամբաները փակ պիտի պահեն արգելք հանդիսանալու համար երեսփոխաններուն, խորհրդարան հասնին:

Դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքան երէկ ժողով մը գումարելով որոշեց վերջ տալ իր գործադուլին: Հետեւաբար այսօր դրամատուները պիտի բանան իրենց դռները: Մինչ այդ ինչպէս նշած էինք նախորդող օրերուն, պետութիւնը լուրջ քայլերու ձեռնարկած է երաշխաւոր ըլլալու դրամատուներու ապահովութեան: Կեդրոնական դրամատան տնօրէնութիւնը, իր կողմէ յատուկ օրէնքներ սահմանած է, յատկապէս օտար դրամանիշերու արտահանման կապակցութեամբ:

Երկրին մէջ ժողովրդային ցոյցեր տակաւին շարունակուեցաւ պետական հաստատութիւնններու շուրջ:

Լիբանանի հողերուն վրայ գործող բջիջային հեռաձայնի ծառայութիւն տրամադրող երկու ընկերութիւններու պաշտօնէութիւնը շարունակեց իր անկախ ցոյցերը, պաշտպանելու համար իրենց տրամադրուելիք 30 տոկոսի գումարը՛ որ իրենք կը նկատեն իրենց իրաւունքը՛ անոր վաւերացումէն ետք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին