Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Մոհամմատ Սաֆատի Դուրս Եկաւ Կառավարութեան Կազմութեան «Խաղ»Էն

Մոհամմատ Սաֆատի դուրս Եկաւ կառավարութեան կազմութեան «խաղ»Էն: Ան կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ ինք չի պատրաստուիր ստանձնել երկրի վարչապետի պաշտօնը։ Սաֆատի իր յայտարարութեան մէջ նաեւ նշեց, որ «երկիրը կ՚անցնի բաւական բարդ փուլէ մը ու այս ժամանակամիջոցին դժուար թէ որեւէ մէկը կարողանայ բոլորին կողմէ ընդունուած վարչապետ մը դառնալ»։ Իր յայտարարութեան աւարտին Սաֆատի ըսաւ, որ ներկայ փուլին երկրի վարչապետի պաշտօնը կրնայ ստանձնել միայն Սաատ Հարիրին: Նոյն ծիրէն ներս Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ կը նշուի, որ իբր թէ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի ինքն է, որ կը խոչընդոտէ նոր վարչապետի նշանակման գործընթացը, որդեգրելով «Ես կամ ո՛չ ոք» տրամաբանութիւնը:

Այ բոլորը մինչ Լիբանանի տարածքին ցոյցերը կը շարունակուին երբ երէկ ցուցարարները բոլոր հրապարակներուն վրայ ոգեկոչեցին «Նահատակի Օրը»: Շաբաթ օր յատուկ նախաձեռնութեամբ մը, յեղափոխականները խորհրդանշական փոխադրակառք մը շրջեցուցին երկրի տարածքին զանազան հրապարակներու միջեւ, քայլ մը, որ իշխանութեան կողմերէն ամբաստանուեցաւ որպէս դուրսէն ֆինանսաւորուած ծրագիր:

Յատկանշական ընտրութիւններու, որպէս արդիւնք Պէյրութի Փաստաբանական Սենտիքայի նախագահ ընտրուեցաւ երէկ անկախ թեկնածու Մըլհէմ Խալաֆը, որ երկրին մէջ տիրող յեղափոխական շունչին յաղթանակը նկատուեցաւ երբ աւելի քան 800 քուէներով գերազանցեց երկրին քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած թեկնածուին:

Այս շաբաթ ցոյցերը պիտի շարունակուին: Երեքշաբթի օրուայ համար մեծ ցոյց մը կը նախատեսուի եթէ Խորհրդարանի Ժողովի թուականը այդ օրուայ համար անփոփոխ մնայ, որուն օրակարգին վրայ կայ ընդհանուր ներումի մը ծրագիրը, որ հաշտ աչքով չի դիտուիր ժողովուրդին կողմէ, անոր հակասահմանադրական ըլլալուն եւ քողարկեալ նպատակներ հետապնդելուն հաւանականութեան պատճառով:

Ըստ «Արեւելք»ին ցոյցերու սկիզբէն ի վեր ամէնօրեայ դրութեամբ 120 միլիոն տոլարի վնաս հասած է Լիբանանի տնտեսութեան: Ըստ աղբիւրին դարձեալ, ցոյցերու առաջին փուլին ամբողջութեամբ անդամալուծուած եւ աւելի ուշ մասամբ անդամալուծուած երկիրը ամէնօրեայ ձեւով տնտեսական մեծ վնասներու կ՚ենթարկուի։ Աղբիւրը կը հիմնուի լիբանանցի տնտեսագէտ Ուալիտ Ապու Սլէյմանի տուեալներուն վրայ, նշելով, որ ցոյցերու սկիզբէն ի վեր երկիրը ամէնօրեայ դրութեամբ կը կրէ 120 միլիոն ամն տոլարի վնաս եւ ընդհանուր առմամբ այդ վնասներու ծաւալը հասած է 56 միլիառ ամն տոլարի։

Նշենք, որ երկրի տարբեր ոլորտներ ՝ առողջապահական, նաւթի մատակարարման, հացի եւ այլ ոլորտներ սկսած են յայտնուիլ մտահոգիչ վիճակի մը մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին