Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Դամբանական Մատթէոս Արթինեանի (Իր Թելադրածը)

Ստորեւ կը հրատարակենք, «Զարթօնք»ի եւ ընդհանրապէս Հայ գիրի հաւատարիմ ընթերցող՝ Մատթէոս Արթինեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին, նախապէս կատարած իր փափաքին ընդառաջելով, եկեղեցւոյ մէջ քահանային կարդացած Դամբանականը, որ հանգուցեալը ատենին թելադրած էր եւ իր զաւակը՝ մեր թերթին երկարամեայ աշխատակիցն ու մեր գործընկերը՝ Յովսէփը,  գրի առած էր տարի մը առաջ:

Հանգուցեալին նկարին կողքին կը ներկայացնենք գրութեան բնագիրին պատճէնը, որուն տակ ինք ստորագրած է եւ այդ օրուան թուականը դրած իր ձեռագիրով:

«Խմբ.»

Ծնած է 1924-ին Իսքէնտէրունի (Աղեքսանտրէթ) Աթըխ գիւղը։ 1939-ին գաղթական եղած է հոնկէ, որ խոր հետք ձգած է իր պատանիի հոգւոյն վրայ։ Պէյրութի մէջ կանուխէն կեանքի ասպարէզ նետուած է ընտանիքին պէտքերը հոգալու համար։ Իբր Հայաստանասէր հայրենասէր գործած է Բաղրամեան Մարզական Միութեան մէջ, ուր մէջտեղ բերած է ֆութպոլի երկու երկրորդական խումբեր՝ Շահումեան եւ Նոյեմբերեան անուններով, որպէսզի Միութեան ֆութպոլի առաջին խումբին խաղացողներ պատրաստէ։ Նաեւ Միութեան վարչական անդամ եղած է ու իր գործունէութեան համար մետալով պարգեւատրուած։ 

Աշխատասէր եւ լաւ արհեստաւոր ըլլալով 77 տարիներ Նոր Հաճըն թաղին մէջ եղող իր խանութը աշխատած է թաղին բնակչութեան կարիքները հոգալով, հիմնականօրէն բականագործութեամբ, այլ արհեստներու կողքին։ Մոլի ընթերցող եղած է հայերէն թերթերու եւ գիրքերու։ Ընտանիք կազմելով զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տուած է։ Ժողովրդային գետնի վրայ օժանդակած է Հայաստանի մէջ Պէյլանի շրջանի յուշարձանի կառուցման հանգանակութեան, Հայկական նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարին, նաեւ այլ հայրենասիրական միութենական գործունէութիւններու։
Հոգեկան գոհունակութեամբ կը մեկնի այս աշխարհէն։

27-10-2018 Մատթէոս Արթինեան
(Այս թուականը եւ անուն մականունը իր ձեռագիրով են) 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին