Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր. Գնա՝ Դուն Քեզ Սպանէ . . .

Անձնասպանութիւնները՝ յատկապէս երիտասարդներու եւ բանակային զինուորներու մօտ, բազմապատկուած են վերջերս։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք ճնշուած կեանք մը կ՛ապրին եւ տքնաջան կ՛աշխատին՝ որպէսզի կարենան պարզ օրապահիկ մը ճարել եւ իրենց ապրուստը ապահովել։

Այժմ սովորական դարձած այս անձնասպանութիւններու կողքին՝ որոնք ընդհանրապէս ծնունդ կ՛առնեն յուսախաբութեան մատնուած երիտասարդներու կողմէ, դժբախտաբար ծայր առած է նաեւ նոր ձեւ մը՝ թելադրուած անձնասպանութիւնները։

Այսինքն մէկը միւսին կ՛ըսէ, «Գնա, դուն քեզ սպանէ։» Հիմա խօսինք օրինակներով։ Ալեքսանտր Ուրթուա Պոսթոն Գոլեճի աւարտական դասարանի ուսանող մըն էր, որուն ընկերուհին (girlfriend) է Ինեանկ Եու (տես նկարը)։

Շրջանաւարտից հանդէսէն երկու ժամ առաջ, Ալեքսանտր անձնասպան կ՛ըլլայ, ինքզինք նետելով դպրոցի կանգառի շէնքէն վար։ Զարմանալիօրէն այդ անձնասպանութեան  ականատես կ՛ըլլայ Ալեքսանտրի ընկերուհին՝ Ինեանկը, եւ անմիջապէս երկիրը ձգելով կը փախչի իր ծննդավայրը՝ Հարաւային Քորէա . . .

Հիմա պիտի հարց տաք թէ ո՞վ է մեղաւորը։ Այդ մահացու թելադրութեանց անսացող միամիտ երիտասա՞րդը՝ թէ անոնց հեղինակ նենգաւոր ընկերուհին։ Օրինակ մը տալու համար այդ թելադրութեանց, հարկաւոր կը զգամ յիշել հետեւեալ նախադասութիւնները։

  • Գնա՝ դուն քեզ սպանէ։
  • Գնա՝ մեռիր։
  • Ես, ընտանիքդ եւ ամբողջ աշխարհը աւելի լաւ պիտի ըլլայ՝ առանց քեզի։

Նման փոխանակուած թելադրութիւններու (text messages) թիւը հասած է 75,000-ի։ Որքա՜ն անգութ եւ անզգամ պիտի ըլլայ մէկը՝ որ թելադրէ իր ընկերոջ, անձնասպան ըլլալ։

Հիմա անշուշտ այս հարցը հասած է դատարան եւ պատկան մարմիններ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն որպէսզի խնդրոյ առարկայ աղջիկը բերել տան Հարաւային Քորէայէն եւ յանձնեն արդարութեան։

Շու՞նն ալ . . .

Ամերիկացիներուն համար ընտանիքի անդամ համարուող շունը՝ մարդու մը համահաւասար իրաւունքներ կը վայելէ հոս, արդարացիօրէն կամ ոչ։ Անոնք ունին իրենց յատուկ պանդոկները, հիւանդանոցները, գերեզմանատուները, վարսայարդարները եւ այլն։

Մենք գիտենք որ որեւէ պետական ընտրեալ պաշտօնակատար իր պաշտօնը չստանձնած՝ պէտք է երդում կատարէ աւետարանին վրայ։ Բացառութիւնները միշտ ալ յարգելի են։

Օրինակ՝ երբ Ռաշիտա Թլայէպ  Միշիկըն նահանգէն ընտրուեցաւ ներկայացուցիչ եւ Իլհան Օմար Մինիսոթա նահանգէն ընտրուեցաւ ներկայացուցիչ, անոնք իրենց երդումը կատարեցին Քուրանին վրայ որովհետեւ կրօնքով Իսլամ են։

Վերադառնալով շուներուն, անոնք յաճախ մետալ ալ կ՛ստանան՝ պատերազմի դաշտին վրայ իրենց գործած քաջագործութիւններուն համար։ Իսկ այսօրուան մեր նիւթը՝ քայլ մը աւելի առաջ երթալով, տրամաբանութեան սահմանն ալ կ՛անցնի՝ զարմացնելով մեզ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ դուք եղէք դատաւորը։

Ուրեմն դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ շուն մը՝ Հէթի անունով, իր «ուխտ»ը կը կատարէ թաթը դրած գիրքի մը վրայ։ Նկարի ձախին՝ իր պատասխանատու-մարզիչ Սթէֆընի Գոէհլոն է, իսկ աջին՝ պետական իրաւաբան Քիմ Ֆաքսն է։ Սա տեղի կ՛ունենայ Իլինոյ նահանգի Գուք գաւառի ոճրադատ ատեանի շէնքին մէջ։ Այդ գիրքը սակայն Աստուածաշունչ մատեանի չի նմանիր, բայց թէ ի՞նչ է՝ չեմ գիտէր։

Հոս պէտք է աւելցնեմ որ վերոյիշեալ շունը պիտի ծառայէ հոգատարութիւն հայթայթելու՝ երեխաներու եւ բռնաբարութեան հետեւանքով մտային խանգարումի ենթարկուած անհատներու։

Հիմա ինծի համար հարց է թէ՝ ո՞վ որու վրայ կը խնդայ։ Շունը առանց երդումի ալ կրնայ կատարել իրեն վստահուած պարտականութիւնը եւ ան երդումէն ի՞նչ կը հասկնայ, չեմ գիտեր . . . Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։   

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին