Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Բողոքարարներ Սաֆատիի Տունը Պաշարեցին

Շարք մը բողոքարարներ հաւաքուեցան Մոհամմատ Սաֆատիի Պէյրութի բնակարանին շուրջ հազիւ, որ լուր տարածուեցաւ, թէ Սաֆատի կրնայ վարչապետ նշանակուիլ: Բողոքարարները լոզունգներ բարձրացուցին ամբաստանելով Սաֆատին որպէս ոչ աւելի նուազ փտածութեան խորհրդանիշ:

Սաֆատիի հաւանական նշանակման մասին լուրերը սկսան աւելի ստոյգ դառնալ երբ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան առաջնորդ Ժըպրան Պասիլ ադ մասին յատարարեց:

Ըստ աղբիւրներու, Մուսթաքպալ հոսանքը, Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը, Ամալը եւ Հըզպալլան պիտի առաջադրեն Մոհամմատ Սաֆատիի անունը, որպէս Վարչապետ:

Այս առումով դարձեալ Ժըպրան Պասիլ հանրութեան տեղեկացուց, որ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները կրնան Երկուշաբթի օր կատարուիլ:

Ժողովրդային ընդվզումի 30րդ օրը շատ մը շրջաններու մէջ ցոյցերն ու հաւաքները շարունակուեցան, հակառակ այն փաստին որ Լիբանանեան բանակը յաջողեցաւ շատ մը փակ ճամբաներ ի վերջոյ բանալ:

Երէկ դպրոցներն ալ իրենց դռները բացին սակայն դրամատուները մնացին փակ:

Լիբանանի տարածքին գործող հիւանդանոցներու պաշտօնէութիւնն ու բժիշկները ցոյցեր կատարեցին ահազանգելով բժշկական պիտանի գոյքերու պակասին մասին:

Շաբաթավերջին կլիման յանկարծակի փոխուեցաւ: Երէկ տեղատարափ անձրեւներ ողողեցին լիբանանի տարածքին շատ մը ճամբաներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին