Հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուեցան երէկ Շուէյֆաթի մէջ վերջին հրաժեշտը տալու Ալաա Ապու Ֆախէրին, որ զոհուեցաւ ցոյցերու ընթացքին դառնալով ժողովրդային յեղափոխութեան խորհրդանիշներէն մին:
Նահատակ երիտասարդին ընտանիքին անդամները խոստացան շարունակել իրենց զոհուած հարազատին պայքարի ուղին: Ալաաի եղբայրը յուղարկաւորութեան ներկաներուն կոչ ուղղեց ըսելով. « Մի վախնաք: շարունակեցէք Ալլաի ճամբով»:
Ժողովրդային ընդվզումի միւս հրապարակներուն վրայ եւս հաւաքուած յեղափոխականները ոգեկոչեցին նահատակ երիտասարդին յիշատակը: Ճամբաները, որոնք կը շարունակէին փակ մնալ, Լիբանանեան բանակի ճիգերով շատ մը վայրերու մէջ բացուեցան: Սակայն կարգ մը տեղեր դարձեալ փակուեցան բողոքարար ժողովուրդին կողմէ, բան մը, որ որոշ միջադէպեր ստեղծեցին բանակայիններու եւ ճամբաները ամէն գնով փակել փորձող երիտասարդներուն միջեւ:
Միւս կողմէ նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը շուտով պիտի կազմուի: Նշելով ընդամէնը քանի մը օրուայ ժամկէտի մասին ան ըսաւ, որ ինք յոյսով է մինչ այդ բոլոր խոչընդոտները կը վերանան: Ինչ կը վերաբերի վարչապետի անունին շուրջ երեսփոխաններու հետ խորհրդակցութեան, որոշ լուրեր շրջեցան, որ այդ պիտի կազմակերպուի մինչեւ յառաջիկայ Երկուշաբթի օր:
Ֆրանսական պատուիրակութիւնը աւարտելով բոլոր կողմերը լսելու իր պարտականութիւնը մեկնեցաւ երկրէն առանց յայտարարութիւն մը ընելու:
Նոյնանման առաքելութեամբ մը, երէկ Պէյրութ ժամանեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը եւ սկսաւ իր պաշտօնական տեսակցութիւններուն:
Երէկ Լիբանանի տարածքին դպրոցներն ու համալսարանները փակ մնացին: Այսօրուայ համար կրթութեան նախարարութիւնը նշեց, որ այսօր պէտք է սովորական դպրոցական օր ըլլայ: