Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Ընդվզած Ժողովուրդը Դարձեալ Ճամբաները Փակեց Իրենց Ակնկալութիւնները Չգոհացնող Նախագահ Աունի Հարցազրոյցին Սփռումէն Անմիջապէս Ետք

Երէկ ամբողջ օրը պետական հաստատութիւններու առջեւ ցոյցեր կատարելէ ետք, Լիբանանցի ժողովուրդը կը սպասէր Նախագահ Միշէլլ Աունի հարցազրոյցին, որուն բովանդակութեան մէջ իրենց պահանջներուն գոնէ մասնակի գոհացումը կ՛ակնկալէին:

Նախագահի խօսքերը եկան ամբողջովին յուսալքելու եւ ընկճելու ժողովուրդը, որ բուռն կերպով հակադարձելով դարձեալ փողոց իջաւ ու փակեց մայրուղիները:

Հակառակ, որ Նախագահը իր խօսքին մէջ ցուցաբերեց ուշադիր արտայայտութիւններ գոհացնելու ցուցարարները սակայն այն իրողութիւնը, որ ըստ նախագահին յառաջիկայ կառավարութիւնը պիտի չկազմուի բացառաբար արհեստավարժներէ ժողովուրդին բարկութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին, այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ իրենց 27 օրեայ ցոյցերը տեսնող աջք եւ լսող ականջ չեն  ունեցած իշխանութեան կողմէ:

Նախագահին խօսքէն յայտնի դարձաւ, որ վարչապետ Հարիրի կը մերժէ նշանակուիլ եթէ ապագայ կառավարութիւնը արհեստավարժներու կառավարութիւն չըլլայ մինչ իրեն առաջարկուածը խառն կառավարութիւն մըն է:

Ռինկի, Ժալ էլ Տիպի եւ Զուգի նշանաւոր ցուցավայրերը վերստին հաստատուեցան հակառակ լիբանանեան բանակի ճիգերուն, որ բաց պահուին անոնք: Թրիփոլիի հրապարակն ալ լեցուեցաւ ցուցարարներով:

Այս բոլորը մինչ նախագահը կը խրատէր ցուցարարներուն իրենց տուները մեկնիլ հակառակ պարագային երկիրը պիտի դիմագրաւէ լուրջ խնդիրներ:

Երէկ գիշեր աւելի եւս յստակ դարձաւ, որ Ցուցարարներ եւ իշխանութիւն բոլորովին տարբեր ալիքներու վրայ են:

Կարեւոր է նշել, որ երէկ օրուայ ընթացքին ֆրանսացի պատուիրակ մը ժամանեց Պէյրութ  ստեղծուած հարցին լուծում մը գտնելու միտումով: ան անմիջապէս սկսաւ իր հանդիպումները: Այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Ուրբաթ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին