Բարի լոյս սիրելի ընթերցող: Այսօրուայ իմ սիւնակով կ՛ուզեմ ամփոփ կերպով քեզի հետ կիսել մեր իրավիճակը այսօր.
Լիբանանի Կաթողիկէ Դպրոցներու Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը երէկ հաստատեց, որ այսօր դպրոցական սովորական օր է:
Լիբանանի Կրթութեան Նախարարը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի տարածքին գործող կրթական բոլոր հաստատութիւնները այսօր փակ պէտք է մնան, Լիբանանի տարածքին տակաւին ընթացող ցոյցերու ծանօթ պատճառներով::
Խորհրդարանի նախագահը, խորհրդարանի այսօրուայ նիստը յետաձգեց ապահովական պատճառներով:
Հըզպալլայի առաջնորդը կը յայտնէ, որ մեր երկիրը աւելի ապահով է քան Ուաշինկթընը…:
Տիրող իրավիճակին պատճառով, դրամատուները երէկ երեկոյեան տակաւին յստակօրէն չէին կարողացած որոշել, որ այսօր դրամատուները իրենց դռները պիտի բանա՞ն, թէ ոչ:
Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը կը պնդէ, որ լիբանանեան դրամանիշն ու դրամատնային համակարգը ամուր են:
Միջազգային տնտեսական եւ քաղաքական կողմեր մտահոգ են Լիբանանի կացութեամբ եւ կը զգուշացնեն:
Տակաւին յամենալով վարչապետ նշանակելու գործընթացին մէջ, Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը տիրող վտանգաւոր կացութեան ի տես, հարցազրոյց մը պիտի շնորհէ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն:
Ժողովուրդը տակաւին ցոյցերու հրապարակներուն վրայ է:
Ընդվզող ժողովուրդը իշխանութեան կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ տնտեսական տագնապ ստեղծելու յանցանքով, մինչ ժողովուրդը յեղափոխութիւն կ՛ընէ միեւնոյն այդ տագնապին պատճառով:
Ժողովուրդը իշխանութեան դէմ է: Իշխանութիւնը՝ ժողովուրդին հետ եմ կ՛ըսէ:
Քաղաքական կողմերը երբ խօսին, այնպէս կը տպաւորուիս, որ իրենք բոլորն ալ դժգոհ են պետութենէն, մինչ պետութիւնը՝ իրենք են:
Իսկական քաոս ուր, ո՛վ որո՞ւ հետ եւ ո՛վ որուն դէմ ըլլալը հարցական է:
Ո՛չ մէկ բան յայտնի է…: Երկրին վիճակը անյստակ հեռանկար մը ունի: Մինչ կ՛ապրինք իրավիճակի մը մէջ, որ իր նմանը չունի:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






