Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Տեսանկիւն. Լա Վի Ան Ռոզ

Բարի լոյս սիրելի ընթերցող: Այսօրուայ իմ սիւնակով կ՛ուզեմ ամփոփ կերպով քեզի հետ կիսել մեր իրավիճակը այսօր.

Լիբանանի Կաթողիկէ Դպրոցներու Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը երէկ հաստատեց, որ այսօր դպրոցական սովորական օր է:

Լիբանանի Կրթութեան Նախարարը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի տարածքին գործող կրթական բոլոր հաստատութիւնները այսօր փակ  պէտք է մնան, Լիբանանի տարածքին տակաւին ընթացող ցոյցերու ծանօթ պատճառներով::

Խորհրդարանի նախագահը, խորհրդարանի այսօրուայ նիստը յետաձգեց ապահովական պատճառներով:

Հըզպալլայի առաջնորդը կը յայտնէ, որ մեր երկիրը աւելի ապահով է քան Ուաշինկթընը…:

Տիրող իրավիճակին պատճառով, դրամատուները երէկ երեկոյեան տակաւին յստակօրէն չէին կարողացած որոշել, որ այսօր դրամատուները իրենց դռները պիտի բանա՞ն, թէ ոչ:

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը կը պնդէ, որ լիբանանեան դրամանիշն ու դրամատնային համակարգը ամուր են:

Միջազգային տնտեսական եւ քաղաքական կողմեր մտահոգ են Լիբանանի կացութեամբ եւ կը զգուշացնեն:

Տակաւին յամենալով վարչապետ նշանակելու գործընթացին մէջ, Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը տիրող վտանգաւոր կացութեան ի տես, հարցազրոյց մը պիտի շնորհէ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն:

Ժողովուրդը տակաւին ցոյցերու հրապարակներուն վրայ է:

Ընդվզող ժողովուրդը իշխանութեան կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ տնտեսական տագնապ ստեղծելու յանցանքով, մինչ ժողովուրդը յեղափոխութիւն կ՛ընէ միեւնոյն այդ տագնապին պատճառով:

Ժողովուրդը իշխանութեան դէմ է: Իշխանութիւնը՝ ժողովուրդին հետ եմ կ՛ըսէ:

Քաղաքական կողմերը երբ խօսին, այնպէս կը տպաւորուիս, որ իրենք բոլորն ալ դժգոհ են պետութենէն, մինչ պետութիւնը՝ իրենք են:

Իսկական քաոս ուր, ո՛վ որո՞ւ հետ եւ ո՛վ որուն դէմ ըլլալը հարցական է:

Ո՛չ մէկ բան յայտնի է…:  Երկրին վիճակը անյստակ հեռանկար մը ունի: Մինչ կ՛ապրինք իրավիճակի մը մէջ, որ իր նմանը չունի:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին