Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Յեղափոխութեան 22րդ Օրը Շարունակուեցան Պետական Հաստատութիւններու Պաշարումները

Հազարաւոր համալսարանական եւ դպրոցական աշակերտներ յեղափոխութեան 22րդ օրը շարունակեցին պետական հաստատութիւններու առջեւ համախմբուիլ եւ ցոյցեր կազմակերպել:

Պէյրութի Կեդրոնը, Ելեկտրականութեան հաստատութիւնը, Զուքի ելեկտրակայանը եւ այլ հաստատութիւններ ականատես եղան այս շարժումին: Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սանիորայի բնակարանին առջեւ ալ մեծ թիւով աշակերտներ հաւաքուեցան իր դէմ արձակելով շարք մեղադրանքներ հանրութեան պատկանող գումարներ իւրացուցած ըլլալու յանցանքով: Թրիփոլին անմասն չէր նմանօրինակ ցոյցերէ:

Կրթութեան նախարար Աքրամ Շըհայյէպ  կոչ ուղղեց աշակերտութեան իրենց իրաւունքը հանդիսացող ցոյցերը կատարեն դպրոցական ժամերէ դուրս:

Աշակերտութիւնը բողոքեց ուսումնառութեան բարձր գինին դէմ ինչպէս նաեւ անգործութեան երեւոյթին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին