Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Կառավարութեան Չէր Խանգարէր Ներքին Գրաքննութիւնը

«Իմ նախարարութեան օրօք մշակոյթի ոլորտում գրաքննութիւն չի լինելու»: Այս  ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութիւնն է: Այո այո, նախարարի յայտարարութիւնը:

Հայաստանի մէջ առանց գրաքննութեան (censure) մշակոյթ կը քարոզուի: Կարծես Նոր Հայաստանի մշակոյթի ոլորտի համար դատավճիռ է, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ, խելքը գլխին նախարար չունենալը: Նախարար մը կը յայտարարէ, թէ «մշակոյթը ես եմ», միւսը` Հայաստանի մշակոյթը «գրաքննութիւն» պիտի չունենայ: Մինչեւ ե՞րբ:

Գրաքննութենէ զուրկ մշակոյթի առաջին ապացոյցը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի կայարանին մէջ տեղի ունեցած «ՀուԶանք ու Զանգ» անուանումով, կը շուարիս ի՞նչ կոչել, «միջոցառում»ն էր, որուն գլխաւոր դերակատարը Երեւանի աւագանիի իշխանական Իմ Քայլը խմբակցութեան քարտուղարն էր: Միջոցառումը ուղեկցուեցաւ բախումներով:

Մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներուն բնորոշմամբ՝ ներկայացուածը գրաքննութենէ ազատ մշակոյթի դրսեւորում չէր, այլ՝ սատանայապաշտական, անհասկանալի շարժումներով, դիւահար ձայներով, սարսափազդու գոչիւններով ու դէմքերով երիտասարդներու պոռթկում էր, մարդոց ահաբեկող գործողութիւններով:

Ամենազաւեշտականը այն է, որ մշակութային բարձր արժէք համարուող անհասկանալի ու անընդունելի երեւոյթներու քարոզչութիւնը կը կատարուի պետական ամենաբարձր մակարդակով: Ի միջի այլոց, Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով ամբողջ ազգին համարեց ըստ էութեան տգէտ, բոլոր անոնք, որոնք չեն ընկալած այդ «բարձր արուեստը»: «Սակաւագէտներ» (երեւի ըսել կ՛ուզէ, քիչ գիտութիւն ունեցող, տգէտ) որակումն ալ ուղղուած հասարակութեան դժգոհ հատուածին, Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց իր «հարուստ» բառապաշարին մէջ:

Նախարարութեան դրամաշնորհային ֆոնտէն 2.7 մլն դրամ  տրամադրուած է փողոցային այս ներկայացման կայացումին համար: Տպաւորութիւն է, որ հետեւողական պայքար  սկսած է ազգային արժէքներու դէմ: Պետութիւնը բարձր մակարդակով կը հովանաւորէ Հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներուն դէմ իրագործուող նախագիծերը: Եւ այս բանը, ան կ՛ընէ հարկատուներուն հաշուոյն  գոյացած գումարներով:

Որպէս հետեւանք այս խայտառակութեան, մարդիկ կը պահանջեն Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Ի միջի այլոց, այս նոյն նախարարն է, որ ջատագովն է Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հիմնարկներուն մէջ պարտադիր չընել հայագիտական նիւթերու ուսուցումը: Պահանջին միացած են արուեստագէտներ եւ մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներ: Նախարարն ալ իր կարգին հաստատակամ է  հրաժարական  չտալու: Ինչո՞ւ  հրաժարական տայ, կ՛ըսէ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեանը…:

Եւ իսկապէս, ինչո՞ւ համար հրաժարական տայ: Ազգային արժէքները կործանելո՞ւ, դպրոցահասակ երեխաներուն գրաքննութենէ զուրկ մշակոյթ պարտադրելու՞,  թէ սեռական տարբեր հակումներ ունեցող ԼԳԲՏ (LGBT) համայնքի աշխոյժ քարոզը ընելու համար: Ի դէպ, ամիսներ առաջ նոյն նախարարը նաեւ հանդիպած էր ԼԳԲՏ համայնքի կարկառուն  ներկայացուցիչներէն մէկուն հետ, որուն հետ քննարկէր էր տարբեր հարցեր:

Կառավարութեան վերին օղակներու ներկայացուցիչներուն չէր խանգարէր ներքին գրաքննութեան առկայութիւնը…

 

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին