Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Յեղափոխութեան 19րդ Օրը Մայրուղիները Փակ Մնացին. Ցուցարարները Իրենց Պահանջներուն Վրայ Պնդեցին

Լիբանանի հիմնական մայրուղիները երէկ ամբողջութեամբ փակուեցան ցուցարարներու կողմէ:

Այս բանը պատահեցաւ վերջին քանի մը օրերու համեմատաբար հանդարտ մթնոլորտէն վերջ ի պատասխան իշխանութեան դանդաղ քայլերուն, որ նուազագոյնը տակաւին երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու օրը չէր ճշդած:

Բանակը, որոշ փորձեր ըրաւ բանալու ճամբաները սակայն ցուցարարները դիմադրեցին: Բանակը մասնաւոր ուժի չդիմեց ընկճելու ժողովուրդը:

Օրուայ ընթացքին քաղաքական հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ շարունակուեցան: Անոնցմէ նշանաւորը նախարար Ժըպրան Պասիլի այցելութիւնն էր Վարչապետ Սաատ Հարիրիին: Տեսակցութիւնը, որ տեւած է չորս ժամ: Անոր մանրամասնութիւնները մնացին խորհրդապահական:

Կարգ մը դպրոցներ փորձեցին բանալ իրենց դռները: Մեծամասնութիւնը մնաց փակ:

Ցուցարարները ներկայացնող անհատներ կարծր լեզուով խօսեցան լուրերը փոխանցող լրագրողներուն նկարահանումներուն մէջ, որոնք անզիջում կը դուէին, յայտնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն բողոքները նոյնիսկ եթէ այս իրավիճակը ամիսներ տեւէ:՝

Օրուայ ընթացքին հանրապետութեան նախագահը իրեն այցելող հիւրերուն յայտնեց, որ նորակազմ նախարարաց խորհուրդի առաջին գործի պիտի ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարը եւ դատական հետապնդումները կասկածելի հարստութիւն ունեցող պատասխանատուներուն պիտի անպայման սկսի եւ շարունակուի:

Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրրի կոչ ըրաւ քաղաքացիական շարժումէն անդամներ անպայման նկատի ունենալ կազմուելիք կառավարութեան շարքին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին