Շաբաթ՝ 2 եւ կիրակի՝ 3 նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայական կարգ ստացաւ Սարգիս սրկ. Մելքոնեան։
Արդարեւ, շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4։30-ին եկեեղցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւն, իսկ կիրակի առաւօտեան ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը եւ օծումը։ Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս։
Իր քարոզին մէջ առաջնորդը նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր քահանայական օծում առիթ եւ հրաւէր է, որ եկեղեցին, հաւատացեալներու շումբը իր հոգեկան ուրախութեամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնէ Աստուծոյ, որ բնաւ իր եկեղեցին չի զրկեր առատաբուխ շնորհներէ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր անձ շնորհք մը, ձիրք մը, կարողութիւն մը ունի եւ երբ զանոնք եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կը ծառայեցնենք, թէ մենք կը մեծնանք եւ թէ մեր եկեղեցին կը պայծառանայ։ «Ահաւասիկ հայ երիտասարդ մը իր ազատ կամքով եւ ամբողջանուէր ընտրութեամբ եկաւ եւ Աստուծոյ խորանին առջեւ ծնկաչոք ուխտեց դաշնալ անձնդիր հովիւ մեր եկեղեցւոյ բանաւոր հօտին» ըսաւ սրբազանը աղօթելով, որ Աստուած իր ընծայեալը անսայթաք պահէ իր կոչումին մէջ եւ ընդմիշտ, որովհետեւ աշխարհը իր ամէն տեսակ երեւելի եւ աներեւոյթ փորձութիւններով կրնայ հմայել, խաբել եւ շեղեցնել մեզ հետեւաբար աղօթքի խորութեամբ մենք հաստատ պիտի մնանք մեր կոչումին եւ առաքելութեան մէջ։ Սրբազանը յայտնեց, որ քահանան Աստուծոյ եւ միաժամանակ եկեղեցւոյ ծառան է եւ ինք պիտի խնամէ Աստուծոյ ժողովուրդը եւ անոնց հետ զԱստուած գովաբանէ։ Նարեկ արքեպիսկոպոս խօսքը ուղղելով նորօծ քահանայ հօր ըսաւ.
«Այս օրը օրհնեալ օր է քու կեանքիդ մէջ։ Մենք աղօթեցինք, որ դուք որպէս առաքեալներու աթոռակից եւ եկեղեցւոյ ծառայ գիտակցաբար ձեր ծառայութիւնը բերէք մեր ժողովուրդին, որ ձեզի կը վստահուի Աստուծոյ անունով։ Ինչ որ ալ ըլլան կեանքիդ դժուարութիւնները կամ յաջողութիւնները ճշմարտութիւնն է, որ հոն իրական ներկայութիւն պէտք է դառնայ։ Հայ հոգեւորականը ճշմարտութեան սպասաւորն է Քրիստոսի կենդանի օրինակին ընդմէջէն։ Կ՛աղօթեմ եւ կը մաղթեմ, որ ձեր ծառայութիւնը երիտասարդ տարիքէն մինչեւ խոր ծերութիւն երկարաձգուի»։ Սրբազանը յայտնեց, որ հովիւ եւ հօտ միասնաբար այս աշխարհի վրայ եւ յաւիտենական կեանքի մէջ Աստուծոյ թագաւորութեան ժառանգորդը ըլլալու կոչուած են եւ քահանայ հայրը առաջնորդն է այս ուխտագնացութեան։ Շարունակելով իր խօսքը սրբազանը բացատրեց, որ իւրաքանչիւր քահանայական ձեռնադրութեան ընթացքին ձեռնադրիչ սրբազանը նոր անուն կու տայ ձեռնադրուող ընծայեալին, որովհետեւ ան կը դառնայ նոր արարած, նոր մարդ, նոր կեանքի՝ հոգեւոր կեանքի սկզբնաւորութեան առաջին քայլերը առնելով սուրբ խորանէն եւ յայտնեց, որ Սարգիս սրկ. Մելքոնեան կոչուեցաւ Խորէն քհնյ., որ նոր կեանքով, նոր առաքելութեամբ, նոր զոհողութեամբ ինքզինք պիտի արժեւորէ որպէս Աստուծոյ ծառան, իր ծառայութիւնը իրագործելով մեր ժողովուրդի ընդմէջէն։ Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Խորէն անունը պատահական ընտրութիւն մը չէր աւելցնելով, որ շատեր կը յիշեն Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. շինարար կաթողիկոսը, որ Լիբանանի թեմի եւ Կիլիկիոյ աթոռի փառքը հանդիսացաւ։ Սրբազանը յայտնեց, որ այս անունը տալ քահանայ հօր կը նշանակէ առաւել պարտաւորութիւն դնել անոր ուսերուն վրայ, որպէսզի այդ անունին տէրը եւ ծառան հանդիսանայ մեր ժողովուրդի ծառայական կեանքին մէջ։
Եզրափակելով իր խօսքը առաջնորդը իր գնահատանքը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց Խորէն քհնյ. Մելքոնեանի ձեռնադրութեան կնքահօր՝ Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան ամոլին, որոնք մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն յանձն առին կնքահայրութիւնը անգամ մը եւս հաստատելով, թէ մեր ժողովուրդը իր քահանային, իր եկեղեցւոյ եւ իր արժէքներուն հանդէպ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու, որպէսզի մեր եկեղեցին եւ մեր բոլոր կառոյցները պայծառ մնան։