Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Օրհնութիւնը Փոխանցեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի Մանուկներուն

Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները։

Այս առիթով, Կիրակնօրեայ վարժարանի մանուկները կոկին յայտագիրով մը հանդէս եկան Նորին Սրբութեան դիմաց՝ շարականի երգեցողութեամբ եւ անմեղ հոգիէ ու սիրտէ սաղմոսներու ու աղօթքներու առ երկնաւոր Հայր վերառաքումով։

Ի տես այս հոգեպարար երեւոյթին, Նորին Սրբութիւնը իր հոգեկան ուրախութիւնը յայտնեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ լծուած են մատղաշ սերունդին կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան։

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այսօրուան համաշխարհայնացած աշխարհը լեցուն է բազմաթիւ ու բազմապիսի մարտահրաւէրներով, որոնցմէ հարկ է պահպանել ու պաշտպանել մեր զաւակները՝ անոնց փոխանցելով մեր հոգեմտաւոր ու բարոյական արժէքները։

Աւարտին, Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց մանուկներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ մաղթելով, որ Աստուած պարգեւէ օրհնութիւններով լեցուն տարեշրջան մը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին