Իր սովորականէն շատ աւելի մեղմ ելոյթով մը հանդսէ երէկ եկաւ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա: Հեռասփռուած ելոյթով մը ան կոչ ըրաւ արագ կերպով կառավարութիւն մը կազմել, որ ժողովուրդին վստահութիւնը կը վայելէ եւ կարողութիւնը կ՛ունենան լսել ժողովուրդին:
Ան ըսաւ, որ վերջին երկու շաբթուայ իր հիմնական մտահոգութիւնը երկիրը քաղաքական պարապէ հեռու պահելն էր:
Ան հաստատեց, որ անցնող շաբաթներու ցոյցերը համայնքներէ զերծ իրավիճակ մը պարզեց երկրին մէջ, ուր երիտասարդներ հակառակ իրենց պատկանելիութեան տարբերութեան կողք կողքի մէկ պահանջով հանդէս եկան:
Երէկ առաւօտեան դրամատնային համակարգը իր դռները բացաւ: Երկրի ամբողջ տարածքին դրամատուներու մասնաճիւղերը աննախընթաց խճողում մը ունեցան:
Դրամատնային աշխատանքային ժամը երէկ բացառաբար երկար եղաւ, որ պիտի շարունակուի նաեւ այսօր:
Դրամատուներուն մէջ սովորական գինով սակայն շուկայի վրայ երէկ տոլարին գինը 1660ի:
Երէկ նոյնպէս ցուցարարները շարունակեցին իրենց բողոքը հանրապետութեան նախագահէն պահանջելով արագ ժամանակամիջոցի մէջ վարչապետ նշանակել եւ անցնիլ նախարարաց խորհուրդի կազմութեան:
Լիբանանեան բանակը երէկ ամբողջ օրուայ ընթացքին փորձեց ճամբաները բանալ, գտնուելով ամէն տեղ: