Ցուցարարները դարձեալ փողոցները իջան ու ճամբաները փակեցին նախագահ Աունի խօսքէն ետք:
Բոլոր կարեւոր ճամբաները Լիբանանի հիւսիսէն հարաւ փակուեցան մեծ թիւով բողոքարարներու կողմէ, որոնք յուսախաբ էին նախագահին խօսքէն: Ճամբաները փակուեցան այրող անիւներով:
Նախագահ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:30ին, իր պաշտօնավարութեան երրորդ տարեդարձին առիթով խօսքով մը հանդէս եկաւ ուղղուած լիբանանցիներուն: Հակառակ անոր, որ նախագահը փորձեց ցուցարարները գոհացնող արտայայտութիւններով հանդէս գալ, սակայն բողոքարար ժողովուրդը նախագահին խօսքին բովանդակութիւնը շատ ընդհանրական նկատեցին, բան մը, որ իրենց ակնկալութիւններուն համեմատ չէր:
Բանակը ինչպէս, որ առաւօտուն ըրած էր, խաղաղ միջոցներով դարձեալ գիշերուայ մինչեւ ուշ ժամերը փորձեց փակուած ճամբաները խաղաղ կերպով վերստին բանալ, կարգ մը տեղեր յաջողելով իսկ այլ տեղեր հանդիպելով ճամբան փակ պահելու ժողովուրդին վճռականութեան:
Նախագահին կը մնայ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ձեռնարկել սահմանադրութեամբ ճշդուած երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները, որպէսզի յստականայ վարչապետի անունը, որ իր կարգին պէտք է կազմէ կառավարութիւն մը, որ պէտք է վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը: