Լիբանանի տարածքին բնականոն կեանքի վերադարձի շարք մը փորձեր ձախողութեամբ պսակուեցան: Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն ցուցարարները դարձեալ փողոց իջան իրենց բողոքը արտայայտելու երբ անդրադարձան, որ իշխանութիւնը սահմանադրական կարգ մը քայլերու վերաբերեալ դանդաղ շարժելու տրամադրութիւն ցոյց կուտայ:
Մինչ ակնկալութիւն կար, որ նախագահ Աուն վարչապետին հրաժարականէն անմիջապէս ետք պիտի սկսի սահմանադրական խորհրդակցութիւններու, այս մասին գործնական քայլ մը չառնուեցաւ: Ընդհակառակը, յայտարարուեցաւ, որ նախագահը այսօր երեկոյեան խօսքով մը հանդէս պիտի գայ:
Այս դանդաղութիւնը ժողովուրդին մտահոգեց եւ անոնք, թերահաւատ իշխանութեան դրական աշխատանքին հանդէպ, իրենց ճնշումը դարձեալ սկսան պահանջելով, որ վարչապետի նշանակումը ըլլայ ոչ նուազ քան 48 ժամէն: