Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Լիբանանի Տարածքին Իրավիճակը Դարձեալ Սրեցաւ

Լիբանանի տարածքին բնականոն կեանքի վերադարձի շարք մը փորձեր ձախողութեամբ պսակուեցան:  Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն ցուցարարները դարձեալ փողոց իջան իրենց բողոքը արտայայտելու երբ անդրադարձան, որ իշխանութիւնը սահմանադրական կարգ մը քայլերու վերաբերեալ դանդաղ շարժելու տրամադրութիւն ցոյց կուտայ:

Մինչ ակնկալութիւն կար, որ նախագահ Աուն վարչապետին հրաժարականէն անմիջապէս ետք պիտի սկսի սահմանադրական խորհրդակցութիւններու, այս մասին գործնական քայլ մը չառնուեցաւ: Ընդհակառակը, յայտարարուեցաւ, որ նախագահը այսօր երեկոյեան խօսքով մը հանդէս պիտի գայ:

Այս դանդաղութիւնը ժողովուրդին մտահոգեց եւ անոնք, թերահաւատ իշխանութեան դրական աշխատանքին հանդէպ, իրենց ճնշումը դարձեալ սկսան պահանջելով, որ վարչապետի նշանակումը ըլլայ ոչ նուազ քան 48 ժամէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին