Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Վարչապետ Հարիրի Իր Հրաժարականը Ներկայացուց

Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին՝ ժողովրդային յեղափոխութեան 13րդ օրը, հրապարակային ելոյթ մը ունենալով, իր հրաժարականը ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրաւ:

Ապա ան այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ ուր իր հրաժարականը գրաւոր կերպով ներկայացուց երկրին նախագահին:

Հարիրի իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հակառակ իր բոլոր ջանքերուն ինք չյաջողեցաւ քաղաքական իր գործընկերներուն հետ անցումային ծրագրի մը շուրջ համաձայնիլ գոհացում տալու համար ժողովուրդին: Ան յայտնեց, որ պաշտօնները կու գան ու կ՛երթան կարեւորը երկիրն է, որ պէտք է մնայ:

Հրապարակներու վրայ գտնուող ժողովուրդը ցնծութիւն ապրեցաւ ի տես այս յաղթանակին:

Կը սպասուի, որ հանրապետութեան նախագահը իր խորհրդակցական հանդիպումները ունենայ երեսփոխաններուն հետ վարչապետ նշանակելու, որ իր կարգին պէտք է կազմէ նոր կառավարութիւն:

Երկիրը բաց է ամէն տեսակի հաւանականութիւններու, որոնց դիմագիծը յաջորդող օրերը պիտի որոշեն:

Վարչապետին ելոյթէն առաջ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակը ականատես եղաւ գաւազաններով զինուած խմբակի մը յարձակումին, որոնք եկան ու քանդեցին այնտեղ հաստատուած վրանները, վնաս հասցնելով տեղւոյն կառոյցներուն ինչպէս նաեւ խաղաղ ցուցարարներուն, որոնց իրենց ձեռքի փայտերով հարուածներ հասցուցին:

Բանակն ու ներքին ապահովական ուժերը միջամտեցին, որուն որպէս հետեւանք այնտեղ յայտնուած խուժանը նահանջեց դէպի այն վայրերը ուրկէ եկած էին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին