Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Լսեցէ՛ք Ժողովուրդին Քանի Ուշ Չէ. Պատրիարք Ռաաի

Երէկ Լիբանանի ցոյցերը շարունակուեցան աւելի եւս մեծ տարողութեամբ, որուն ընթացքին ցուցարարները մարդկային խորհրդանշական շղթայ մը կազմեցին Լիբանանի հիւսիսէն մինչեւ հարաւ երկարող ծովեզերքի գիծին վրայ շուրջ 175 քլմ երկարութեամբ, իրենց միասնականութեան որպէս կենդանի պատկեր:

Մարոնիներու Պատրիարքը իր կարգին կոչ ուղղեց Լիբանանի պատասխանատու անձնաւորութեանց լսելու ժողովուրդին ու գործադրելու անոնց պահանջները «քանի ուշ թէ» շեշտեց ան: Պատրիարքը իր այս կոչը ըրաւ Կիրակի օրուայ պատարագին ընթացքին:

Ռաաի հաստատեց, որ ժողովրդային այս ընդվզումը լիբանանցի ժողովուրդը համախմբեց մէկ դրօշի տակ:, բան մը, որ իշխանութիւնները չեն կրնար անտեսել:

Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ:

Ժողովուրդը կը շարունակէ ճամբաները փակ պահել իրենց բողոքին աւելի եւս կշիռ տալու համար, որուն համար իշխանութիւնը անցնող օրերուն քանի մը ապարդիւն փորձ ըրաւ բանալու: Ճամբաները սակայն դարձեալ փակուեցան ցուցարարներուն կողմէ:

Այսօր իշխանութիւնը որոշած է ամէն գնով բանալ ճամբաները, որուն դիմաց ժողովուրդը ուշ գիշերին սկսաւ իր ինքնաշարժերով փակել մայրուղիները, դժուարացնելու համար զանոնք բանալու ամէն փորձ:

Շաբաթավերջին կարգ մը լուրեր տարածուեցան վարչապետ Հարիրիի հրաժարական տալու հաւանականութեան մասին, սակայն շաբաթավերջը աւարտեցաւ առանց նման բան մը պատահելու:

Դպրոցները, դրամատուներն ու մեծ հաստատութիւնները կը շարունակեն փակ մնալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին