ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ Կիրակի օր յայտարարեց, որ Ապու Պաքր Ալ Պաղտատին մահացած է իր թաքստոցին վրայ կատարուած ամերիկեան յարձակումի մը ընթացքին: Դէպքը պատահած է սուրիոյ մէջ:
Ըստ դրուագին, Պաղտատին իր մէջքի ականուած գօտին պայթեցուցած է իր հետ սպաննելով նաեւ իր երեք զաւակները երբ ամերիկեան ուժեր յաջողած են խուժել իր թաքստոցը, որ սուրիոյ տարածքին վրայ գտնուող խորունկ փորուած փակուղի մըն էր:
Ինքնութիւնը հաստատող քննութիւններէ ետք հաստատուած է, որ մարմինը Պաղտատիինն է եւ իր մահուան լուրը՝ ստոյգ: