Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Յեղափոխութեան 9րդ Օրը Յատկանշուեցաւ Յեղափոխականներու եւ Հըզպալլայի Համակիրներու Միջեւ Լուրջ Բախումներով

Լիբանանեան

Լիբանանի ժողովրդային արդար յեղափոխութիւնը իր 9րդ օրը աւարտեց երէկ: Հակառակ իշխող խումբին ակնկալութիւններուն, ցուցարարներուն թիւը անկում չարձանագրեց:

Հըզպալլայի  առաջնորդը  Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին բաւական «կակուղ» ելոյթով մը հանդէս եկաւ փորձելով համոզել յեղափոխականները գործակցելու նախագահին եւ վարչապետին առաջադրած լուծումներուն հետ: Միեւնոյն ժամանակ ան  զգուշացուց  բոլոր  արտաքին կողմերը եւ դեսպանատուները, որոնք իր կարծիքով միջամուխ են եղածին, ցոյցերուն   միջոցաւ ստեղծուած վիճակը  շահագործելէ. Նասրալլայի  խօսքէն առաջ եւ վերջ իր  համակիրները   փողոց   իջած էին   ցոյց տալու  համար  իրենց հաւատարմութիւնը   Հըզպալլայի առաջնորդին։  Մտահոգիչն  այն է, որ  հրապարակի եւ այլ տարբեր հարթակներու վրայ  անհատական  մակարդակի   վիրաւորանքներ  կը հնչեն   մէկ  կողմէ Նասրալլայի եւ միւս  կողմէ      Սամիր Ժաաժայի հասցէին։

Իրավիճակը  բաւական  լուրջ   եւ բարդ է եւ  կողմերէն մէկուն չմտածուած ոեւէ սայթաքումը կրնայ երկիրը անդառնալի  հետեւանքներու եւ վնասի առաջնորդել։

Իշխանութիւնը արդէն իսկ հասկցած է, որ  ազնիւ նպատակներով ճամբայ ելած համաժողովրդային  բողոքի    ալիքն ու շարժումը վիժեցնելու ամէն փորձ ձախողած է։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին