Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի հետ:
Կարճ հանդիպումէն ետք Հարիրի պալատը ձգեց առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Կարգ մը աղբիւրներ նշեցին, որ հանդիպման նիւթը փոքր կառավարութիւն մը կազմելու հնարաւորութեան շուրջ կը դառնայ: