Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Պատգամաւոր-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանըՙ Ցինիզմի ու Արժանապատուութեան Նեղ Անցքին Մէջ

Քաղաքական Ակնարկ

Պաշտօնանկութիւններու եւ հրաժարականներու կողքին բուռն քննարկման առարկայ դարձած է յեղափոխական վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գաղտնի յանձնարարականը, որուն որպէս հետեւանք  նախարարներու, փոխնախարարներու, նախարարութիւններու, գլխաւոր քարտուղարներու եւ մարզպետներու աշխատավարձերը էականօրէն բարձրացած են: Յանձնարարականը տրուած է անցեալ Յուլիսին։ Մամուլը ամիսներ առաջ այդ մասին հրապարակեց, սակայն տեղեկութիւնը օդէն կախուած մնաց: Այսօր սակայն անոր իրական ըլլալու հանգամանքը արդէն պաշտօնապէս հաստատուած է:

Նախարարներու 793 հազար 680 դրամ աշխատավարձը վարչապետի գաղտնի յանձնարարականով կրկնապատկուած է եւ դարձած է 1.5 միլիոն դրամ։ Փոխնախարարներու աշխատավարձը 562 հազար 160 դրամ էր, որը դարձած է 1 միլիոն 60 հազար դրամ։ Գլխաւոր քարտուղարներու աշխատավարձը 595 հազար 260 հազար դրամէն դարձած է 870 հազար դրամ, իսկ մարզպետներու 900 հազար դրամ:

Տարիներ առաջ, պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան այս երեւոյթը կ՛որակէր որպէս ցինիզմ: 2013 թուականին նախկին իշխանութիւններու օրօք Ազգային Ժողով  ներկայացուած նախագիծը, որ կը վերաբերէր պետական պաշտօն զբաղեցնող անձանց վարձատրութիւնը բարձրանալուն, հանդիպեցաւ ընդդիմադիր Նիկոլ Փաշինեանի կոշտ քննադատութեան: 

«Քաղաքական ընտրանին որոշել է բարձրացնել ինքն իր աշխատավարձը: Ի՞նչ է սա, եթէ ոչ ցինիզմ աղքատութեան ու յուսահատութեան : Ինչո՞ւ պէտք է բարձրանայ, ասենք, Սերժ Սարգսեանի աշխատավարձը: 2008 թուականին մարտի 1-ին Երեւանը թանկերով գրաւելո՞ւն համար, թէ Եւրոպաներում եւ Ռուսաստաններում Հայաստանը ծաղրի առարկայ դարձնելու համար: Ինչո՞ւ պիտի բարձրանայ Տիգրան Սարգսեանի, մշակոյթի եւ քաղաքաշինութեան նախարարների, դատախազների ու ոստիկանների աշխատավարձերը: Նրա համար, որ իրենք լուռ հետեւե՞լ են, թէ ինչպէս է մեծահարուստը (oligarch) քարուքանդ անում մշակոյթը:  Ինչո՞ւ պիտի բարձրանայ ԱԺ պատգամաւորների ու գործող ղեկավար կազմի աշխատավարձը»,– ԱԺ ամպիոնէն իրեն յատուկ ոճով կը յայտարարէր Նիկոլ Փաշինեան (Տես տեսանիւթ 1):

Եւ ահա վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կրկնապատկելով իր Կառավարութեան նախարարներու աշխատավարձերը, այն ալ գաղտնի կարգով, նոյն ԱԺ ամպիոնէն, ցինիզմ չորակեց աղքատութեան բարձր մակարդակ ունեցող երկրի մը մէջ միլիոնաւոր դրամներ աշխատավարձ շռայլելը: Ընդհակառակը, վարչապետ Փաշինեանի կարծիքով  նախարարները պէտք է արժանապատիւ աշխատավարձ ստանան: «Պարգեւատրումային աղմուկի ժամանակ ես այս ամպիոնից պաշտպանել եմ այդ դիրքորոշումը, որ պաշտօնեաները (պետական – խմբ.)  պէտք է ստանան արժանապատիւ աշխատավարձ»,– յայտարարեց է վարչապետը (Տես տեսանիւթ 2):

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

Տեսանիւթ 1

Տեսանիւթ 2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին