Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մեկնեցաւ Շուէյխ կոչուող արհեստաւորներու շրջանը, ուր անակնկալ այցելութիւններ տուաւ քուէյթահայ արհեստաւորներու, ընկերակցութեամբ գաղութի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանի, ինչպէս նաեւ Ճորճ Սրկ. Արապաթլեանի եւ Վաչէ Սրկ. Թաշճեանի:
Շուէյխը Քուէյթի մէջ գտնուող արհեստաւորներու ամենամեծ շրջանն է, ուր Քուէյթ կայք հաստատելէն ետք մեծ թիւով հայ արհեստաւորներ հիմնած են իրենց արհեստանոցները: Եւ առ այսօր Շուէյխը Քուէյթի մէջ կը համարուի հայ արհեստաւորներուն բաբախուն սիրտը:
Ամբողջ օրը արեւուն կիզիչ ճառագայթներուն տակ տքնող վարպետը շաբաթ առաւօտուն հաճելիօրէն զարմացաւ, երբ լսեց Կաթողիկոսական Փոխանորդի ողջոյնի խօսքը՝ «բարի լոյս, ես նոր հայր սուրբն եմ, եկած եմ խանութդ օրհնելու»:
Պահը ոգեւորիչ էր եւ յուզող:
Մերթ զարմացած եւ մերթ հիացած արհեստաւորը Հայր Սուրբին պատմեց իր առօրեային մասին, կիսեց իր մտահոգութիւնները, մշտապէս փառք տալով Աստուծոյ, որ արդար վաստակով կը պահէ իր ընտանիքը:
Իւրաքանչիւր արհեստանոցի մէջ Հոգշ. Հայր Սուրբն ու Արժ. Քահանայ Հայրը խունկ վառեցին եւ աղօթեցին, որպէսզի Աստուած առողջութիւն եւ գործերու յաջողութիւն տայ բոլորին: Հայր սուրբը յորդորեց բոլորը մշտապէս գալ եկեղեցի եւ մասնակից դառնալ գաղութի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին:
Օրը օրհնաբեր եղաւ ո’չ միայն հայ արհեստաւորներուն, այլեւ նոյն պահուն արհեստանոց գտնուող հիւրերուն համար, որոնք իրենց յուզմունքը յայտնեցին Հայր Սուրբին կատարած այս անակնկալ եւ աննախընթաց այցելութեան առթիւ:
Այցի աւարտին՝ Շուէյխի մէջ Հոգշ. Հայր Սուրբը խօսեցաւ իր տպաւորութիւններուն մասին, ապա խոստացաւ յաճախակի այցելութիւններով մօտէն հետեւիլ քուէյթահայութեան կեանքին:
Ջերմ հիւրընկալութեամբ, ամուր ձեռքսեղմումով եւ կրկին տեսութեան անկեղծ սպասումներով աւարտեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդին այցելութիւնը Շուէյխ: