98 տարիներ առաջ, պատմութեան մէջ այսօր հիմնադրուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:
Արդարեւ, 1919էն սկսեալ հայկական իրականութեան մէջ սկիզբ էր առած էր գաղափարաբանական հարազատութիւն ունեցող կուսակցութիւններու միաւորման գործընթաց մը: Ընդհանուր առմամբ միաւորման բանակցութիւններ կ՛ընթանային Հայ սահմանադրական ռամկավար, Ժողովրդական եւ Վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութիւններու ու 1919ի ամռանը Փարիզի մէջ կազմաւորուած Հայ ազգային ազատական միութեան միջեւ:
1919ի դեկտեմբերի 21ին Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան Հայաստանի շրջանային երկրորդ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը Երեւանի մէջ քննարկեց նշուած կուսակցութիւններու հետ միութեան հարցը, քանի որ անոնց միջեւ արդէն համապատասխան քայլեր տեղի կ՛ունենային, եւ միաձայն համաձայնութիւն տրուեցաւ վերակազմեալ հնչակեաններու եւ ազգային ազատականներու հետ միանալու գաղափարին: Թէեւ Ժողովրդական կուսակցութիւնը իր սեպտեմբերեան համագումարին մէջ արդէն որոշած էր միաւորուիլ ռամկավար կուսակցութեան հետ, վերջինիս պատգամաւորները, Երեւանի մէջ միացումը սկզբունքօրէն չմերժելով, զայն յետաձգեցին «մինչեւ հայկական հարցին լուծումը», իսկ մինչ այդ «պէտք է ուժեղացնել սերտ համագործակցութիւն երկու կուսակցութիւններուն միջեւ»:
1920ի սեպտեմբերի դրութեամբ, երբ գումարուեցաւ Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան երրորդ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, կուսակցութիւնը կառոյցներ ունէր ՀՀի , Կ. Պոլսոյ, Իզմիրի, Կիլիկիայի, Եգիպտոսի, Պալգաններու, ԱՄՆի, Ֆրանսայի մէջ: Այս ժողովին Փարիզէն ժամանած Վահան Թէքէեան խօսեցաւ այնտեղ անկուսակցականներու ստեղծած Հայ ազգային ազատական միութեան եւ վերոյիշեալ կուսակցութիւններու հետ միանալու անոնց ցանկութեան մասին: Որոշում կայացուեցաւ նաեւ միանալ Ազատական (Վերակազմեալ հնչակեան) կուսակցութեանը, իսկ նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը տեղափոխել Երեւան, սակայն ՀՀի խորհրդայնացումը այդ դարձուց անհնար:
Հայ ռամկավար եւ Ազատական կուսակցութիւններու միութիւնը կեանքի կոչուեցաւ 1921ի հոկտեմբերի 1ին Պոլսոյ մէջ կայացած ժողովի մը ընթացքին: Միացեալ կուսակցութիւնը կոչուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, փաստօրէն, նոր ձեւաւորուող հայկական սփիւռքի ծնունդն էր, որ շարունակեց ու կը շարունակէ ծառայել հայ սփիւռքին, ոսկէ կամուրջը հանդիսանալով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: